Պարգեւ Սրբազան. «Մեր Խաղաղապահ Ուժերը, Մեր Երաշխաւորը Մեր Բանակն Է»

0825Barkev-Srpazan«Արցախի համար միակ երաշխիքը պաշտպանութեան բանակն է, որ քսան տարի է կը պահպանէ երկրին անվտանգութիւնը», ըսաւ  Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ս. Էջմիածինի կազմակերպած Արցախ ուխտագնացութեան ծիրին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«Վերջերս յաճախակիօրէն կը խօսին մատրիտեան սկզբունքներուն մասին: Ես բացասական կարծիք ունիմ այդ սկզբունքներուն վերաբերեալ եւ այդ կարծիքը ալ միշտ պիտի ունենամ: Կը խօսին, թէ Արցախը պէտք է կարգ մը շրջաններ զիջի, հանրաքուէ պէտք է ըլլայ, մեզի նեղ միջանցք պիտի տան եւ այլն, բայց անվտանգութեան երաշխիք գոյութիւն չունի: Նեղ միջանցք կու տան. ո՞վ պիտի պահէ այդ միջանցքը, միջազգային ուժե՞րը: Լաւ, ենթադրենք, բայց մենք կեանքի փորձառութեամբ  տեսանք. Հարաւային Օսեթիոյ մէջ խաղաղապահ ուժեր էին, Վրաստան եկաւ հարուածեց գնաց: Միացեալ Նահանգներ մտան Իրաք, դուրս եկան, ըսին` ամէն ինչ խաղաղ է, բայց այսօր կը տեսնենք կոտորած:

Ցեղասպանութիւն կը  կատարուի Հիւսիսային Իրաքի մէջ, իսկ ո՞վ ըսաւ, որ մեր պարագային այդ անվտանգութեան երաշխիքը հարիւր տոկոսով պիտի իրականացուի: Ես անձամբ այդպիսի երաշխիքներու չեմ հաւատար», ըսաւ ան:

Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ Արցախի ճշմարիտ խաղաղապահը պաշտպանութեան բանակն է. «Այդ (միջազգային) խաղաղապահ ուժերը  պիտի  չապահովեն մեր խաղաղութիւնը, երբ Ազրպէյճան յարձակի, անոնք պիտի փախչին, մենք կեանքի փորձառութենէն գիտենք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ այսօրուան  զինուորը, որ սահմանին կանգնած է, ինչպէ՞ս կատարեց ան  իր պարտականութիւնը  վերջին շրջանին, Պարգեւ սրբազան պատասխանեց, որ այսօրուան  երիտասարդները իր սպասածէն աւելին են:

«Փայլուն սերունդ ունինք եւ ատիկա  բնական է: Իւրաքանչիւր  սերունդ պէտք է գերազանցէ աւագ սերունդը, եթէ մենք կը կամենանք յառաջընթաց արձանագրել: Այնպիսի զինուորներ, որոնք այս վերջին երեք շաբթուան  ընթացքին  հարիւր տոկոսով ատիկա  ապացուցեցին, եւ անոր մասին կը վկայեն մեր գնդապետները, արցախեան հերոսամարտի մասնակիցները», աւելցուց Արցախի թեմի առաջնորդը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES