Նախագահ Բակօ Սահակեան Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն օրակարգին վրայ էին յուլիս-օգոստոս ամիսներուն Շահումեանի շրջանին մէջ եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին բարելաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցներուն, իրականացուած աշխատանքներուն, անոնց արդիւնքներուն եւ հետագայ ծրագիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներուն նախապատրաստման ընթացքին մասին հարցերը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Առաջին հարցին վերաբերեալ զեկուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ղեկավարները:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերուն` երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ համակարգուած աշխատանքի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ համապատասխան կառոյցներու միացեալ գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած բոլոր ոտնձգութիւնները արդիւնաւէտ ձեւով կասեցուած են` թշնամիին պատճառելով մեծ կորուստներ:
Երկրի նախագահին բնութագրումով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատասխան գործողութիւնները անգամ մը եւս ցոյց տուած են Արցախի զինեալ ուժերու մարտունակութեան բարձր մակարդակը, զինուորներու անսասան ոգին եւ հայրենասիրութիւնը, հասարակութեան համախմբուածութիւնը արտաքին վտանգի դէմ եւ անոնց պատրաստակամութիւնը պաշտպանելու երկրին անկախութիւնը, անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան եւ ամբողջ անձնակազմին, Արցախի ազատամարտիկներուն, համապատասխան կառոյցներու ստորաբաժանումներու ծառայողներուն, մեր ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն` որեւէ ոտնձգութիւն համախմբուած եւ արդիւնաւէտօրէն կասեցնելու ունակութիւններուն եւ կարողութիւններուն համար, ատիկա նկատելով արհեստավարժութեան եւ հայրենասիրութեան լաւագոյն դրսեւորում:
Երկրորդ հարցին վերաբերեալ զեկուցած է փոխվարչապետ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Աղաբեկեան:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նախատեսուած բոլոր ձեռնարկներուն բարձր մակարդակով կազմակերպումը:

