Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Նախքան տունէն ելլելը` ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին վիճակը, որպէսզի անհաճոյ անակնկալի մը չհանդիպիք: Նախազգուշութիւնը ձեզ կը փրկէ անախորժ տաղտուկէ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր պտոյտին կամ շուկայի գնումի պարագային: Քսակահատի մը ճարպիկութեան չենթարկուիք: Լաւ պահեցէք ձեր պայուսակը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Փորձառութիւնը ունիք ընկերային կարգ մը հարցեր լուծելու` ձեր վարկին շնորհիւ: Այսօր նման հարց մը քննարկելու պիտի հրաւիրուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր մէկ բարեկամին հրաւէրին ներկայ պէտք է ըլլաք, ձեր բացակայութիւնը կը վիրաւորէ անոր արժանապատուութիւնը: Անպայման ներկայ եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ընտանիքին անդամներուն միջեւ թեթեւ թիւրիմացութիւն մը եղած է նիւթական հարցի մը շուրջ: Խնդիրը մի՛ բարդացնէք, ներողամիտ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի գնահատուի ձեր ծառայասիրութիւնը, նուիրաբերումը: Կարեւորը ձեր մասնակցութիւնն է բարեսիրական ձեռնարկի մը: Ունիք զուարթ պահեր, հանդիպումներ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ չափազանցէք ձեր արտայայտութիւնը, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ձեր մէկ բարեկամին: Արդար միտք ունեցէք դատելու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր լսած տեղեկութիւնները հարիւր տոկոսով ճիշդ մի՛ կարծէք, հետեւաբար ոչ ոքի փոխանցեցէք ձեր լսած անհիմն լուրերը: Խոհեմ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տեսնուած ամէն փայլուն իր ոսկի մի՛ կարծէք: Միջոցներ ունիք բոլոր դուռերը բանալու եւ յաջողելու: Օրը հիանալի է, օգտուեցէք բարիքներէն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ներքին խաղաղութիւն մը ձեր դիմաց պիտի բանայ լաւագոյն օրուան մը լաւ առիթներ: Հետեւեցէք ձեր աշխատանքին եւ զուարթ եղէքը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարեւոր է ինքզինքին հաւատալը, որպէսզի կարենաք յաջողութիւն ձեռք ձգել: Հաւատքով աշխատիլը մեծ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բանակցութիւն մը պիտի ունենաք ձեր կարողականութեան համեմատ: Ինչ որ կատարէք, ինքնավստահութեամբ ըրէք, ոչ կասկածով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES