Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Սիւզի Կենտիկեանը
25 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Գերմանիա բնակող հայազգի բռնցքամարտիկ Սիւզի Կենտիկեանը:
Նախարարը շնորհաւորեց հայազգի բռնցքամարտիկը` անգամ մը եւս աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալուն առիթով եւ նորանոր յաղթանակներ մաղթեց անոր: Նախարարը ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ Գերմանիոյ մէջ հայու անունը բարձր կը պահես: Մէջդ կայ Սօսէ մայրիկի, Փառանձեմ թագուհիի ծինը, յաղթելու, ուժեղ ըլլալու կամքը: Դուն իւրայատուկ երեւոյթ ես մարմնամարզի պատմութեան մէջ: Կը հաւատամ, որ նոյեմբերին նոյնպէս պիտի յաղթես եւ յաղթանակդ պիտի նուիրես ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին` իբրեւ մեր ազգի յաւերժութեան, յաղթանակի խորհրդանիշ: Բազմաթիւ արհաւիրքներ տեսանք, բայց չվերացանք, ապրեցանք, ապացուցեցինք, որ յաղթող ժողովուրդ ենք եւ այսօր ունինք Շարլ Ազնաւուր, Հանրի Վերնէօյ, Աթոմ Էկոյեան, Արթուր Աբրահամ, Սիւզի Կենտիկեան®»:
Նախարարը հայազգի մարզիկին նուիրեց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ «Անմոռուկ»-ը:
Սիւզի Կենտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին խօսքերուն համար եւ զայն հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Գերմանիոյ մէջ 8 նոյեմբերին տեղի ունենալիք մարտին եւ խորհրդանշական ձեռնոցներ նուիրեց անոր:

