Ասիոյ Ակումբներու Ֆութսալի 5-րդ Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը 5 – 1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ

0825_bank-of-beirutԼիբանանի ֆութսալի ախոյեան եւ Լիբանանի գերբաժակակիր Պէյրութի դրամատունը երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը` Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու 5-րդ ախոյեանութեան գծով, որ տեղի կ՛ունենայ Չինաստանի Շանկտու քաղաքին մէջ:

Լիբանանի ախոյեանը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իր առաջին մրցումին ճակատեցաւ իրանեան Տապիրի Թաւրիզի դէմ եւ անկէ կրեց 5 – 1 արդիւնքով պարտութիւն մը:

Պէյրութի դրամատունը այսօր կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը Քուէյթի ախոյեան Քատիսիէի դէմ, իսկ միւս օր իր դէմ պիտի ունենայ տիտղոսակիր Շանկպուրի Պլու Ուէյվը (Թայլանտ):

Share this Article
CATEGORIES