«Թուիթըր» Ընկերային Ցանցը Կը Քննէ Ալիեւի Սպառնալիքները
«Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ղեկավարութիւնը արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ գրառումներուն ու կը քննէ Ալիեւի սպառնալիքները եւ այն հաւանականութիւնը, որ Ազրպէյճանի նախագահը խախտած է ցանցին կանոնները:
Ալիեւի գրառումները գլխաւորաբար հայերու դէմ ուղղուած էին: Միայն օգոստոս 7-ին գրառումները գերազանցած են քանի մը տասնեակը: «Հայերը գրաւած են ազրպէյճանական հողատարածքները», «Հայերը պատասխան պիտի տան», «Ազրպէյճանցի զինուորներուն մարտական ոգին բարձր է» եւ նմանատիպ քանի մը տասնեակ գրառումներով Ալիեւ փորձած էր շահիլ իր ժողովուրդին վստահութիւնն ու բարձրացնել զինուորներուն մարտական ոգին:
Ազրպէյճանի նախագահին` «Թուիթըր»-ի նկատմամբ նորափթիթ սէրը ծաղրանքի առարկայ դարձաւ արեւմտեան բազմաթիւ առաջատար լրատուամիջոցներու մէջ, որոնք նաեւ Ալիեւը նկատեցին առաջին նախագահը, որ պատերազմ կը սպառնայ «Թուիթըր»-ի միջոցով:
Միւս կողմէ` «Աքսար» կայանը հարցախոյզ մը կազմակերպած է Պաքուի երիտասարդութեան համար: Հարցախոյզի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է լուծել Ղարաբաղի հարցը, դիտել կու տայ, որ կողմնակից է խաղաղ բանակցութիւններու տարբերակին: Այն հարցումին, որ եթէ պատերազմ սկսի, կ՛ուզե՞ն բանակին միանալ, մասնակիցներուն միայն 30 տոկոսը դրական պատասխան տուած է: Երիտասարդ մը նոյնիսկ խոստովանած է, որ ամիս մը դիտաւորեալ կերպով հոգեբուժարանի մէջ դարմանուած է, որպէսզի ազատ արձակուի զինուորական ծառայութենէն:

