«Լեզուական Արգելքները Կրնան Ղազախստանը Ուքրանիոյ Ճակատագիրին Արժանացնել» Կ՛ըսէ Նազապայեւ

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ «Հապար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ երկրին մէջ բացի ղազախերէնէն բոլոր լեզուները արգիլելու պարագային Ղազախստանը կրնայ արժանանալ Ուքրանիոյ ճակատագիրին:

«Ենթադրենք` օրէնսդրօրէն կ՛արգիլենք բոլոր լեզուները` բացի ղազախերէնէն: Ի՞նչ պիտի սպասէ մեզի: Ուքրանիոյ ճակատագիրը: Կարելի չէ բոլորին ստիպել ղազախերէն խօսիլ: Հարցը այն է, որ մենք ի՛նչ պիտի ընտրենք: Իմ կարծիքովս` այդ հարցին մէջ անհրաժեշտ է համբերութիւն ցուցաբերել»:

Ան նաեւ գրողներուն ու ստեղծագործական մտքի տարբեր ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղած է չարծարծելու պետական լեզուի հարցը` միաժամանակ նշելով, որ իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ ղազախերէնի ուսուցումը պարտադիր կը նկատուի:

 

Share this Article
CATEGORIES