Մերքել. «Ուքրանիան Ազատ Է` Անդամակցելու Եւրասիական Միութեան»

Անկելա Մերքել
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Քիեւ իր այցելութիւնը մշակուած է` պատրաստուելու Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Փիոթըր Փորոշենքոյի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ բանակցութիւններուն:
«Քոմերսանթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ այդ հանդիպումէն «յառաջընթաց» չ՛ակնկալեր: Մերքել ընդգծած է, որ Ուքրանիան ազատ է ընտրութիւն կատարելու հարցին մէջ եւ կրնայ «անդամակցիլ Եւրասիական միութեան»` այդպիսով պատրաստակամութիւն յայտնելով խաղաղութիւն հաստատելու Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինի հետ:
Մերքել մատնանշած է ուքրանական «ապակեդրոնացումը», կազի գինի համաձայնութիւնը եւ Ռուսիոյ հետ «Ուքրանիոյ առեւտրական յարաբերութիւնները», որոնց միջոցով կրնան համաձայնագիրներ կնքուիլ:
Ըստ «Էյ.Առ.Տի.»-ի, Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ որոշ դիպաշար նախատեսած է հետագայ զարգացումներուն համար. «Ուքրանացի ժողովուրդը, ի հարկէ, պէտք է իր ուղին ընտրելու կարելիութիւն ունենայ, սակայն ատիկա պէտք չէ վնասէ Ռուսիոյ»:
Իբրեւ հիմնաւորում` կը նշուի այն, որ Ուքրանիա կը փափաքի նաեւ հետագային լաւ յարաբերութիւններ պահպանել Ռուսիոյ հետ:

