Հոլանտա Պիտի Չերկարաձգէ Իր «Փաթրիոթ»-ներուն Թուրքիոյ Մէջ Գտնուելու Ժամկէտը

0826_PatriotԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հոլանտա պիտի չերկարաձգէ իր հակահրթիռային «Փաթրիոթ» տիպի համակարգերուն Թուրքիոյ մէջ գտնուելու ժամկէտը:

«2015-ի վերջաւորութեան` ներկայ համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտի աւարտէն ետք, համակարգերը պիտի վերադառնան Հոլանտա: Սպայակոյտի ղեկավար Թոմ Միտենտորփ արդէն տրուած որոշումին մասին տեղեակ պահած է ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութիւնը», յայտնած են նախարարութենէն:

Հոլանտական համակարգերը Թուրքիոյ մէջ տեղադրուած էին յունուար 2013-ին, Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ համակարգերուն հետ միասին` սուրիական կողմէն հաւանական  յարձակումները կանխարգիլելու համար:

Նախարարութիւնը որոշումը բացատրած է այն հանգամանքով, որ համակարգերը վերանորոգման կարիք ունին, իսկ ատիկա կարելի չէ տեղւոյն վրայ կատարել:

Նախարարութենէն նշած են, որ Սուրիոյ տարածքէն յարձակումներու վտանգը չէ վերցուած` յոյս յայտնելով, որ հիւսիսատլանտեան դաշինքը կարենայ հոլանտական համակարգերուն համար այլընտրանք գտնել:

Share this Article
CATEGORIES