Իրան Օգնութիւն Տրամադրած Է Իրաքի Քիւրտերուն

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարազանի Էրպիլի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան զէնք-զինամթերք տրամադրած է փեշմերկաներուն, որոնք կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

«Մենք խնդրեցինք զէնք, եւ Իրանը դարձաւ առաջին պետութիւնը, որ զայն մեզի տրամադրեց», նշած է ան: Պարազանի նաեւ ընդգծած է. «Ընկերներու աջակցութիւնը կարելի կը դարձնէ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին մէջ մեր յաջողութիւնները»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշած է, որ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման գործողութիւնները ուղղուած չեն որոշ անձերու եւ որոշ կրօնի դէմ, այլ ուղղուած են իւրաքանչիւրին դէմ:

«Իրաքի անվտանգութիւնը մեր անվտանգութիւնն է», յայտարարած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը եւ նշած, որ կ՛աջակցի Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւններուն եւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին միջեւ նկատուող մերձեցման:

Share this Article
CATEGORIES