Օպամա Արտօնած Է Սուրիոյ Վերեւ Հետախուզական Թռիչքներ Կատարել

Պարաք Օպամա

Պարաք Օպամա

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա գաղտնի սպասարկութեանց արտօնած է հետախուզական թռիչքներ կատարել Սուրիոյ վերեւ:

Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարելու կարելիութիւնը, իսկ ատիկա կատարելու համար Ուաշինկթընին անհրաժեշտ է   արժանահաւատ տեղեկութիւն:

Այդպիսի տեղեկութիւններ ստանալու գործին մէջ հետախուզական թռիչքները կարեւոր տարր կը նկատուին: Ըստ փորձագէտներու, այդ քայլին կրնան յաջորդել օդային հարուածները:

Սպիտակ տան կից Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն յայտնած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ուաշինկթըն մտադիր է օգտագործել բոլոր կարելիութիւնները:

Օպամա երէկ նաեւ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ¬ը քաղցկեղի նման է եւ անոր վերջ տալը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ: Ան նշեց, որ այս հարցով իր երկրին ռազմավարութիւնը շրջանային ու միջազգային դաշինք ստեղծելն է եւ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարին աջակցիլը:

Օպամա նաեւ ընդգծեց. «Պիտի չարտօնենք, որ մեր զինուորները Իրաքի մէջ պատերազմի մէջ ներքաշուին»:

Share this Article
CATEGORIES