ՀՄԸՄ- Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու յանձնախումբին, նախորդ շաբաթավերջին «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան 1993-1994-1995 դասակարգի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ ՀՄԸՄ-Անթիլիաս (Գարեգին Նժդեհ) եւ ՀՄԸՄ-Պուրճ Համուտ (Դրօ) ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսը` յաջորդաբար պարտութեան մատնելէ ետք ՀՄԸՄ- Անթիլիասը (3-1) եւ ՀՄԸՄ- Անթիլիասը (Աղբալեան)` 7-1 արդիւնքով:

Կիրակի, 13 մարտին տեղի կ՛ունենան 1996-1997-1998-ի ծնունդ դասակարգի Ա. հանգրուանի մրցումները` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ՀՄԸՄ – Անթիլիաս (Գարեգին Նժդեհ) – ՀՄԸՄ- Պաուշրիէ (Պայքար) ժամը 11:30-ին

ՀՄԸՄ- Այնճար (Այնճար) – ՀՄԸՄ (Ժունիէ) ժամը 12:30-ին

ՀՄԸՄ – Անթիլիաս-1 – ՀՄԸՄ – Ժըտէյտէ (Նաւասարդեան) ժամը 13:30-ին

Share this Article
CATEGORIES