ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ` ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ

«Ազդակ» օրաթերթին հետ ընթերցողներուն բաժնուած «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին վերաբերող գունաւոր յաւելուածը կարդալէս ետք հեռացայ ներկայէն:

Արցախի ազատագրուած շրջաններուն մէջ վերաբնակեցումը եւ բազմածնութիւնը քաջալերելու նպատակով, ամէն անգամ որ ընտանիքի մը 3-րդ կամ յաջորդ զաւակը ծնի, ծնողները «Արցախ Ֆոնտ»ին կողմէ կը ստանան կով մը: Ուշի-ուշով դիտեցի նկարները եւ զմայլեցայ, իւրաքանչիւրին մէջ կը պատկերուէին զաւակները արցախցի ընտանիքներուն` 5-6-7 զաւակ, երբեմն 8, իսկ ապագային թերեւս աւելնայ անոնց թիւը:

Աստուած պահէ Արցախի զաւակները, մէկը միւսէն աւելի գեղեցիկ ու ապագայ խոստացող:

Իբրեւ մայր` ապրեցայ այս բազմանդամ ընտանիքներուն մայրերուն հետ, մտքով, հոգիով ու սրտով գացի անցեալ ու փոխադրուեցայ Արցախ:

1995 սեպտեմբերին 7 օր Հայաստանի մէջ անցընելէ ետք, պիտի երթայինք նոր ազատագրուած Արցախ: Քիչ մը վախ, շատ ուրախութիւն, երկար ճամբայ, յոգնութիւն, սակայն կ՛երթայինք դէպի այն հողը, որուն մերը ըլլալը շեշտեցին միշտ` «Ղարաբաղը մերն է» գոչելով:

Երբ Շուշիի հողին վրայ կանգնեցայ, քաջութիւնը, անկախութիւնը եւ ուրախութիւնը համակեցին ամբողջ էութիւնս: 4 օր ապրեցանք արցախցիներուն հետ, որոնք իրենց բնակարաններուն մէջ մեզ ընդունեցին ջերմօրէն եւ առատ հիւրասիրութեամբ:

Ընտանիքներու կիներէն ոմանք` ազատամարտիկներու այրիներ, իրենց օրը կը սկսէին շատ կանուխ, աշխատանքի կը լծուէին տան մէջ կամ անկէ դուրս, ոմանք հողագործ էին: Անոնք հանգիստ չէին ճանչնար, որովհետեւ իրենց ուսերուն դրուած է ընտանիքին ապրուստը հոգալու պարտաւորութիւնը:

Բարձրացանք Գանձասար ու ծանօթացանք հուժկու, երիտասարդ քահանային: Երէցկինը պատմեց, որ պատերազմի օրերուն իր զաւակն ու ծնողները գացած էին Հայաստան, իսկ ինք ու տէր հայրը մնացած էին Արցախ` հոն կռուելու եւ պաշտպանելու լեռն ու վանքը:

Արցունքներով եւ հիացմունքով բաժնուեցայ Արցախէն:

16 տարի ետք, իբրեւ մայր, կը մտածեմ, որ ինչպիսի՛ հզօր մայրեր են Արցախի մայրերը:

Գիտակցելով մօր մը ունեցած ամէնօրեայ դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն, յուզումներուն, յոյզերուն` որքա՜ն յանդուգն կը թուի այս պայմաններուն մէջ յանուն ազգին ու Արցախի ապագային ծնիլ 5-8 զաւակ:

Արցախի մայրերը կին են, հողագործ են, տանտիկին են, մայր են, ազատամարտիկ են, բայց ամէնէն աւելի` հերոսուհիներ են:

Հերոսուհիներ, որոնք հայ ազգին կու տան իրենց նման բազմաթիւ հերոսներ, որոնք կը հանդիսանան Արցախի ապագան:

Դո՛ւք` Արցախի սիրելի՛ մայրեր, Աստուծոյ պարգեւած մայրական ամէնէն գեղեցիկ զգացումէն աւելի` օժտուած էք քաջութեամբ, հերոսութեամբ եւ խոր հաւատքի զգացումներով:

Ձեզի` յարգանք ու մեծարանք: Թող ձեր կեանքը լի ըլլայ Արցախի գեղեցիկ բնութեան նման կանաչ ուրախութիւններով:

 ԶԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES