Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական Հրաւիրուեցան 9 Այլ Ֆութպոլիստներ Եւս

0826Հայաստանի-հաւաքականԻնչպէս ծանօթ է, նախորդ 15 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ, Լաթվիոյ եւ Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն համար հրաւէր ուղարկած էր Հայաստանի ազգային հաւաքականի թեկնածու այն ֆութպոլիստներուն, որոնք ելոյթ կ՛ունենան արտասահմանի մէջ:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Շալանտ տեղի ունենալիք հաւաքին հրաւիրեց արտասահմանի մէջ հանդէս եկող երեք այլ ֆութպոլիստներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող հետեւեալ ֆութպոլիստները.

Յովհաննէս Համբարձումեան (Վարտար, Մակեդոնիա), Լեւոն Հայրապետեան (Փրիպրամ, Չեխիա), Արտակ Տաշեան (Վարտար, Մակեդոնիա), Գէորգ Գասպարով (Միքա), Արսէն Բեգլարեան (Ուլիս), Վարազդատ Հարոյեան (Փիւնիկ), Տարօն Ոսկանեան (Փիւնիկ), Ռումեն Յովսէփեան (Բանանց) եւ Կամօ Յովհաննիսեան (Փիւնիկ):

Ֆետերասիոնին կայքին համաձայն, հաւանական է, որ ֆութպոլիստ մը եւս հրաւիրուի հաւաքական:

Սպարտակ Մոսկուային մաս կազմող Եուրա Մովսիսեան եւ Արազ Օզպիլիս չեն ընդգրկուած մարզական հաւաքին մասնակցող ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ` վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով:

Լաթվիոյ եւ Դանիոյ հաւաքականներուն հետ հանդիպումներուն նախապատրաստուելու նպատակով նախատեսուած մարզական հաւաքի ծրագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:

Նշենք, որ 3 սեպտեմբերին Հայաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Լաթվիոյ դէմ, իսկ 7 սեպտեմբերին ԵՈՒՐՕ 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Քոփենհակընի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Դանիոյ:

Share this Article
CATEGORIES