Պընթ Ժպէյլի Քաղաքապետարանի Ֆութպոլի Դաշտի Բացում

0826_adnan1Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պընթ Ժպէյլի քաղաքապետարանի ֆութպոլի դաշտին բացումը` հովանաւորութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի:

Բացման այս հանդիսութեան ներկայ էին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ ֆետերասիոնի անդամներ, հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ եւ շուրջ չորս հազար հանդիսատեսներ:

0826_adnan2Նախքան դաշտին բացումը, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 800 մարզիկներ, որոնք կատարեցին տարբեր տեսակի ներկայացումներ:

Ապա դաշտին բացման ժապաւէնը կտրուեցաւ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցում մը, որուն սկիզբէն առաջ տեղի ունեցաւ յիշատակի մետալներու բաշխում` երկու խումբերուն:

Share this Article
CATEGORIES