Նախարար Ղազարեան Ոսկի Մետալով Պարգեւատրեց Արմէն Ղազարեանը
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան երէկ նախարարութեան ոսկի մետալով պարգեւատրեց ողիմպիական կրկնակի ախոյեան յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արմէն Ղազարեանը:
Իր խօսքին մէջ նախարար Ղազարեան ըսաւ, որ հակառակ անոր որ նախարարութեան ոսկի մետալը քիչ մը ուշացումով կը յանձնուի ողիմպիական ախոյեանին, սակայն կարեւորը լուրջ վերաբերմունքը եւ ուշադրութիւնն է, որ ցոյց կու տայ, թէ պետութիւնը կ՛արժեւորէ ողիմպիական կրկնակի ախոյեանին աւանդը հայկական մարզաշխարհին մէջ:
Իր խօսքը շարունակելով` նախարարը ըսաւ, որ այս մետալով Ղազարեանին կը փոխանցուի հայ ժողովուրդին սէրն ու գնահատանքը` անոր մարզական ձեռքբերումներուն համար:
Աւարտին նախարարը շնորհաւորելով պատանեկան 2-րդ ողիմպիական խաղերուն մետալակիրները, յոյս յայտնեց, որ Ռիօ – 2016-ին եւս հայ մարզիկները տիրանան ողիմպիական մետալներու:

