Ճատրակ. Արաբական Երկիրներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Նանօր Առնելեան Ապահովեց Մրցաշարքի Իր 4-րդ Կէտը

Նանօր Առնելեան (աջին)
Ինչպէս ծանօթ է Լիբանանի ճատրակի պատուիրակութիւնը ներկայիս կը գտնուի Յորդանան, ուր տեղի կ՛ունենայ Արաբական երկիրներու ճատրակի աղջկանց ախոյեանութիւնը` տարբեր տարիքի դասակարգերու մէջ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն երկու հայեր` Ալիք Թենպելեան եւ Նանօր Առնելեան, որոնք յաջորդաբար 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ Լիբանանի ախոյեան են:

Ալիք Թենպելեան (աջին)
Լիբանանէն դուրս առաջին անգամ ըլլալով է, որ Ալիք Թենպելեան ելոյթ կ՛ունենայ միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին: Հակառակ անոր որ ան ցարդ որեւէ կէտ չէ ապահոված, բայց ան կ՛ունենայ տպաւորիչ խաղեր եւ փորձառութեան պակաս ունենալուն պատճառով է, որ չի կրնար յաղթանակ արձանագրել: Անկասկած յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու ընթացքին ան աւելի կրնայ փաստել ինքզինք:
Ինչ կը վերաբերի Նանօր Առնելեանին արձանագրած արդիւնքներուն, ան օգտուելով իր ունեցած միջազգային փորձառութենէն, կը շարունակէ իր ելոյթները Յորդանանի մէջ:
Առաւելագոյն 6 կէտէն Առնելեան յաջողած է իր տրամադրութեան տակ ունենալ 4 կէտ` արձանագրելով 3 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով պարտութիւն մը:
Մրցումները կը շարունակուին, եւ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան:

