Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ունիք բազում աշխատանք, սակայն կատարեցէք հանդարտութեամբ, առանց իրար անցնելու: Աճապարանքը խառնակութիւն կը ստեղծէ: Զգուշ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կառավարելը արուեստ է: Ձեր աշխատանոցին մէջ ծառայողներուն գործունէութեան հսկեցէք մօտէն, որպէսզի գլխու ցաւ չունենաք: Անկողմնակալ եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր առողջութիւնը կախեալ է կանոնաւոր քնանալէ: Անքնութիւնը տրամադրութիւն կը խախտէ, ցերեկային ձեր պարտականութիւնը լաւ չէք կրնար կատարել: Հոգ տարէք նաեւ ձեր սնունդին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարզանքը մարմնին ջերմուժն է: Առանց պենզինի ինքնաշարժ չի քալեր, ճիշդ այդպէս. մարմնին վառելանիւթը մարզանքն է, մի՛ անտեսէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դատական հարցի մը համար կրնաք ատեան ներկայանալ` վկայութիւն մը տալու համար: Արդար եւ պարկեշտ եղէք: Նիւթին կարեւորութիւն մի՛ տաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատասիրութիւնը առողջութիւն է: Ֆիզիքական յոգնութենէ մի՛ վախնաք: Կարեւոր է մտային յոգնութենէ խուսափիլը: Լա՛ւ քնացէք, ճի՛շդ ժամերուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փորձառու անձնաւորութեան մը դիմեցէք ձեր հարցերուն լուծում գտնելու համար: Կարեւորը լսելը չէ, այլ իրագործելն է պատգամը, խրատը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տարեդարձի մը կամ այլ առիթի մը համար զուարթ մթնոլորտ պիտի տիրէ ձեր յարկին տակ: Ձեր հիւրերը ուրախ պիտի մնան ձեր համեղ հիւրասիրութենէն: Ձեր կարգին գոհ պիտի մնաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրոյ հարց մը ձեր միտքը կը զբաղեցնէ: Հետեւեցէք ձեր սրտին թելադրանքին: Անկեղծութեամբ պատասխանեցէք սիրուած անձին հարցումին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատախօս անձերէ հեռու կեցէք, այդպիսիք կը շահագործեն ձեզ: Պարզամիտ ըլլալը երբեմն վնաս կը բերէ: Լաւ տրամաբանեցէք, իմաստուն եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Միութիւնը զօրութիւն է` կ՛ըսեն: Առանձնաբար որոշում մի՛ տաք: Իւրաքանչիւր անձ յատուկ մօտեցում մը կ՛ունենայ հարցի մը: Ականջ տուէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կեանքը ծովու կը նմանի, լողալ պէտք է գիտնաք: Այսօր կրնաք ենթարկուիլ փորձութեան մը: Եթէ ճարպիկ մարդոց հետ գործ ունենաք, զգուշ եղէք:

