Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

Երիտասարդական Դասախօսական Երեկոյ

0808_tehranՀովանաւորութեամբ  թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ Կրօնական խորհուրդի երիտասարդաց յանձնախումբի, 8 օգոստոսին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Սեռերու միջեւ հաւասարութեան ըմբռնումը` կրօնական եւ հոգեբանական տեսանկիւնէն»: Օրուան դասախօսներն էին առաջնորդական փոխանորդ  Մակար եպս. Աշգարեան եւ դոկտ. Կարինէ Թահմազեան:

Կրօնական խորհուրդի երիտասարդաց յանձնախումբին անունով Ակաթա Աբրահամեան անդրադարձաւ օրուան նախաձեռնութեան:

Մակար եպս. Աշգարեան ընդհանուր կէտերու մէջ խօսեցաւ Աստծոյ կողմէ մարդ արարածի ստեղծուելու հիմնական նպատակին մասին. Աստուած-մարդ, մարդ-Աստուած յարաբերութեան գծով ակնարկեց մարդու կեանքի հիմնական առաքելութեան, կոչումի եւ վախճանաբանական նպատակի կարեւորութեան:

Դոկտ. Կարինէ Թահմազեան իր ելոյթին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ հաւասարութեան գաղափարը լաւ հասկնալու համար նախ մարդ պէտք է լաւ գիտակցի արուի եւ էգի անխուսափելի տարբերութեան մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ կենսաբանական, բնախօսական եւ կազմախօսական դրոյթներու յստակ եւ աստուածահաստատ ճշմարտութեանց մասին:

Աւարտին, Սեպուհ արք. Սարգիսեան մեծապէս գնահատեց ներկաները,  նաեւ դասախօսները` իրենց ներկայացուցած օգտաշատ եւ հաղորդական նիւթերուն համար:

 

Ատրպատական

32-րդ Միջմասնաճիւղային Խաղեր

0814_tavrizԿազմակերպութեամբ «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, 14 օգոստոսին «Արարատ»-ի մարզադաշտին մէջ բացումը կատարուեցաւ տարեկան միջմասնաճիւղային 32-րդ խաղերուն:

Մարզական տարբեր մրցախաղերով` պասքեթպոլ, ֆութպոլ, փինկ-փոնկ եւ ճատրակ, մրցելու համար խումբեր կը մասնակցէին` Թեհրանէն, Սպահանէն, Ուրմիայէն, Կիարտապատէն, ինչպէս նաեւ` Թաւրիզէն, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր մասնաճիւղեր:

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Կարէն Սարգիսեան եւ Սեւանայ Դանղեան: Անոնք ողջունեցին 32-րդ միջմասնաճիւղային խաղերու կայացումը Թաւրիզի մէջ, միշտ յիշելով, թէ ասիկա ինքնին փաստ է Ատրպատականի հայոց թեմի ժողովուրդի կանգուն ու աշխուժ ըլլալուն:

Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան անդամ Արա Գալստեան, որ բարձր գնահատեց Թաւրիզի մասնաճիւղին վերակազմակերպ աշխատանքը եւ կառոյցին բոլոր բաժանմունքները առոյգ պահելու նախանձախնդրութիւնը: «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Նժդիկ Աբրահամեան մասնաճիւղի անցեալ 60 տարիներու փորձառութիւնը նկատեց հարստացնող ու դաստիարակիչ բոլորին համար ու յատկապէս` նոր սերունդին:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան դոկտ. Կարէն Խանլարեան շնորհակալութեան ու երախտիքի խօսք ուղղեց պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն` հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան ու հոգածութեան համար:

Ապա թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկաներուն` անդրադառնալով  անոր 70-ամեայ օրհնաբեր ներկայութեան ընդհանրապէս իրանահայութեան կեանքին մէջ, ու ոգեշէն ներկայութեան` թաւրիզահայութեան կեանքին մէջ:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

0818_gamesՊաշտօնական բացումէն անմիջապէս ետք սկսան խաղերը:

Օգոստոս 18-ին տեղի ունեցաւ միջմասնաճիւղային խաղերուն եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ վեր առաւ «Արարատ»-ի մարդակերտումի ու հայակերտումի դերակատարութիւնը, ազգային ու հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը, յատկապէս` նոր սերունդի կազմաւորման աշխատանքին մէջ:

Այնուհետեւ յաղթող խումբերուն յանձնուեցան մետալներ եւ յուշանուէրներ:

Այս առիթով «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին վարչութիւնը յուշամետալ եւ յուշանուէր յանձնեց նաեւ առաջնորդ սրբազանին` երախտագիտութիւն յայտնելով անոր մնայուն օժանդակութեան եւ իրենց աշխատանքներուն յարատեւ նեցուկ կանգնելուն համար:

 

Պոլիս

«Գտնել Զապէլ Եսայեանը» Վաւերագրական
Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Bolis_zabelՎերջերս Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի շարժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուեցաւ 20-րդ դարու հայ ականաւոր կին մտածողներէն Զապէլ Եսայեանի կեանքին մասին պատմող «Գտնել Զապէլ Եսայեանը» վաւերագրական ժապաւէնը: Լարա Ահարոնեանի եւ Թալին Սուճեանի կողմէ պատրաստուած ժապաւէնը ներկայացուած է «1908-1909 Թեսաղոնիկէէն Ատանա` յոյսեր եւ անկումներ» ցուցահանդէսի ծիրին մէջ:

Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են Եսայեանի կեանքին կարեւոր դրուագները` Պոլսոյ մէջ անցուցած մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, ուսանողական տարիները Փարիզի մէջ, ամուսնութիւնը, զաւակները, անոր աշխատանքը 1909-ի Ատանայի կոտորածները ուսումնասիրող խումբին մէջ, 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէ փրկուիլը, Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Ցեղասպանութենէն ետք հաւաքուած որբերու եւ վերապրածներու յիշողութիւններու գրառումը, այնուհետեւ Խորհրդային Միութիւն մուտք գործելը, աքսորը` ստալինեան վարչակարգին կողմէ եւ անյայտ պայմաններու մէջ մահը:

Ժապաւէնին մէջ օգտագործուած են Եսայեանի ընտանիքի անդամներուն յուշերը, անոր գրութիւնները, գրաքննադատական մեկնաբանութիւններ, պետական արխիւային նիւթեր, ինչպէս նաեւ` ձայնագրութիւններ եւ լուսանկարներ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ժաք Ս. Յակոբեանի Նորագոյն Հատորը`
«
Գոյնզգոյն…»

kirk_jackHagopianՀովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին, վերջերս լոյս տեսաւ վաստակաշատ ու տաղանդաւոր բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանի 192 էջերու վրայ տարածուող նորագոյն հատորը, որ կը կրէ «Գոյնզգոյն…» խորագիրը: Այս հատորը մաս կը կազմէ Տարեցներու տարուան նուիրուած հրատարակութիւններուն շարքին: Բանաստեղծին գրութիւններու շարքն ալ կը սկսի սփիւռքահայութեան տարեցներուն նուիրուած յարգանքի խօսքով մը:

Հատորին մէջ տեղ գտած է թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը:

Մուտքի յիշեալ բաժիններէն ետք հատորը ունի երկու գլխաւոր բաժին: Առաջին բաժինը կ’ընդգրկէ 26 գրութիւն, որոնք ունին յուշագրական, պատմուածքային, խոհական եւ հոգեւոր արտայայտութիւններու բնոյթ ու խորք: Երկրորդ բաժինը չորս գլուխներու վրայ տարածուող ամբողջութիւն մըն է, որուն խորագիրը «Մեղաւորի մը հոգեվէպը» լոյս կը սփռէ բովանդակութեան մասին: Գեղարուեստական մշակում մըն է, թէ բանաստեղծը ինչպէս երիտասարդութեան սկզբնական շրջանին ինկած է տուայտանքներու մէջ, ապա հասած է հոգեկան վերածնունդի ու կերտած է նոր կեանք:

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը
Առաջնորդ Սրբազանին Յանձնեց «2014-ի
Մարդասիրական Իրագործումներու Պարգեւ»-ը

0810_awardՈսկրածուծի հիմնարկի  հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով, 10 օգոստոսին Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան ժողովուրդի ազնիւ ծառայութեան լծուած անձնաւորութիւններ:

Ճաշկերոյթին ընթացքին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան  արժանացաւ «2014-ի մարդասիրական իրագործումներու պարգեւ»-ին:

Յուշանուէրը ստանալուն առիթով իր շնորհակալական խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտարարեց, թէ այս պարգեւը կ՛ընդունի յանուն Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ գոհունակութիւն յայտնեց ազգային մեր հաստատութեան ծառայութեանց նկատմամբ այս գնահատանքին համար: Ան շեշտեց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ` բարեսիրական գործը կը նկատենք մեր հիմնական առաքելութիւններէն մէկը եւ չենք կրնար անտարբեր մնալ մեզի նման Աստուծոյ զաւակներուն կարիքներուն նկատմամբ, եթէ կարելիութիւնը ունինք օգնութեան ձեռք երկարելու անոնց:

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանը Կը Մեծարէ
Հայկական Ոսկրածուծի Նուիրատուներու Հիմնարկը

Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի 15-ամեակին առիթով, 12 օգոստոսին տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը բանաձեւ մը վաւերացնելով, մեծարեց կազմակերպութիւնը` դրուատելով անոր տարած կարեւոր աշխատանքը:

Արդարեւ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան բանաձեւը  յանձնեց նուիրատուներու հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին:

Քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամներուն կողքին ներկայ էին նաեւ հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան, պատուոյ նախագահ տոքթ. Պելլա Քոչարեան, Արփինէ Զոհրապեան, Ալիք Թոփալեան, տէր եւ տիկին Մուրատ եւ Արփի Թօփալեաններ ու Քարմեն Լիպարիտեան:

Փոլ Գրիգորեանի եւ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի կողքին, հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արփինէ Զոհրապեան, որուն 15 տարի առաջ նուիրած ոսկրածուծով կարելի եղած էր քաղցկեղի դէմ պայքարած Ալիք Թոփալեանին կեանքը փրկել` հանդիսանալով Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի հիմնադրութեան կայծը:

ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի
94-
րդ Պատգամաւորական Ժողովը

0814_homՕգոստոս 14-17 Պոսթընի մօտակայ Պըրլինկթըն շրջանի «Մարիըչ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի 94-րդ Պատգամաւորական ժողովը:

Ժողովի օրակարգին կարեւորագոյն կէտերէն էին  Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակն ու յատկապէս սուրիահայութեան օժանդակութեան վերաբերեալ աշխատանքները: Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց կատարուած աշխատանքը, ապա եղան առաջարկներ յառաջիկայ տարիներուն համար:

Աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէն` Թալին Տաղլեան (Նիւ Ճըրզի, ատենապետ), Սեւան Գոլեճեան (Ուաշինկթըն, փոխատենապետ), Մելիսա Սիմոնեան (Փրաւիտընս, քարտուղար), Մարկրիթ Պապիկեան-Մետինա (Փրաւիտընս, գանձապահ), Սիլվա Պետեան (Շիքակօ, խորհրդական), Թալին Մկրտիչեան (Փրաւիտընս, խորհրդական) եւ Սոնիա Պզտիկեան (Նիւ Եորք, խորհրդական):

65-Ամեակի Առիթով Հանգանակութեան
Ձեռնարկ` Ի Նպաստ «Քեմփ Հայաստան»-ի

Camp-Hayasdan_tsernargՎերջերս «Քեմփ Հայաստան»-ի մօտակայ «Ճիլեթ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ձեռնարկի մը, որուն նպատակն էր հանգանակութիւն կատարել ի նպաստ «Քեմփ Հայաստան»-ի:

Ձեռնարկը սկսաւ հիւրասիրութեամբ` «Փաթնամ» սրահին մէջ, որուն ընթացքին ներկաները նաեւ կրցան հետեւիլ ֆութպոլի մրցումի մը, որ կը կատարուէր այդ ժամուն:

Բացման խօսքը արտասանեց Մայքըլ Կիւզելեան եւ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Մարք Ալաշայեանը, Միշէլ Յակոբեանն ու Լեւոն Աթթարեանը, որոնք փոխանցեցին իրենց խօսքերը:

Մարք Ալաշայեան կարճ պատմականով մը կարեւոր նկատեց այս հիմնարկին առաջնահերթութիւնը, իսկ Դաւիթ Համբարեան ներկայացուց վերջին ամիսներուն կատարուած նորոգութիւններու եւ շինութիւններու ընդհանուր պատկերը:

«Քեմփ Հայաստան»-ի «Տիգրան Ծամհուր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ այլ հաւաք մը, որուն նպատակն էր նշել Պոպ Աւագեանի 60 տարիներ շարունակ ունեցած ներդրումը:

 

Զուիցերիա

Տիգրան Մանսուրեան Ի Պատուի`
Տաւոսի Փառատօնին

0821dikranmansourianՏասնամեակներ շարունակ հայ երաժշտութեան զարգացման եւ զայն հանրութեան ծանօթացնելու իմաստով մեծ աւանդ ունեցող Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, երգահան Տիգրան Մանսուրեանին ստեղծագործութիւնները հնչած են 1-14 օգոստոսին, Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ կայացած Տաւոսի միջազգային երաժշտական փառատօնին` «Քոմփոզըր ին ռեզիտընս»:

Խօսելով փառատօնի կազմակերպման ու անոր հայ երաժիշտներու մասնակցութեան մասին` Տիգրան Մանսուրեան ըսած է. «Կարեւոր կը նկատեմ նշել, որ Տաւոս քաղաքի միջազգային փառատօնին իմ մասնակցութենէս առաջ այդ փառատօնին իբրեւ դաշնակահար եւ յօրինող Հայաստանէն մասնակցած է երիտասարդ տաղանդաւոր երգահան, տեսաբան եւ դաշնակահար Արթուր Աւանեսովը»:

Տաւոս քաղաքին եւ անոր յարակից շարք մը բնակավայրերու մէջ հնչած են Տիգրան Մանսուրեանի մեծ թիւով գործեր: Անոնց կատարման մասնակցած են այսօր արդէն միջազգային անուններ դարձած «Մեթա ֆոր» լարային քառեակը` Ֆինլանտայէն, «Գաւաթին» քառեակը` Ֆրանսայէն, «Շուման» քառեակը` Գերմանիայէն, «Թրիօ Ռաֆալ» եռեակը` Զուիցերիայէն: Զուիցերիական երգչախումբին կատարմամբ հնչած է (հայերէն բնագիրով) չարենցեան «Արուեստ քերթութեան» խմբերգներու շարքը` ղեկավարութեամբ արդի խմբերգային արուեստի յայտնի դէմքերէն մէկուն` Անտրէաս Ֆելպերի:

Այս գործը թէ՛ երգչախումբին փափաքով եւ թէ՛ ունկնդիրներու պահանջով, համերգային ծրագիրէն դուրս եւս երկու համերգներուն ընթացքին ալ հնչած է:

«Ես երջանիկ էի, որ փառատօնին ընթացքին այնքան հրաշալի կերպով հնչեց չարենցեան հայերէնը` մեր լեզուին չտիրապետող երգչախումբին կողմէ: Համերգին ներկայ մասնագէտներէն լսեցի, որ չարենցեան այդ շարքին կատարումը փառատօնին բարձրակէտը կարելի է համարել: Շնորհակալ եմ երգչախումբին եւ անոր ղեկավար Անտրէաս Ֆելպերին եւ յոյսով եմ, որ մեր ստեղծագործական համագործակցութիւնը իր շարունակութիւնը կ’ունենայ», յայտնած է Տ. Մանսուրեան:

Փառատօնի մասնակից կատարողներէն մեծանուն ջութակահար Իլիա Կրինկոլցին հնչեցուցած է Մանսուրեանի ջութակի առաջին քոնչերթոն: Փառատօնին կատարուած Մանսուրեանի ծաւալուն երկերէն եղած են նաեւ «Agnus Dei» եւ «Con Anima» սենեկային գործերը, ինչպէս նաեւ` ալթի եւ հարուածային նուագարաններու համար գրուած շարք մը աւելի փոքր ծաւալի ստեղծագործութիւններ:

Զուիցերիական մամուլին համաձայն, եօթանասունհինգամեայ հայ երգահանը դարձած է երիտասարդ կատարողներուն եւ ունկնդիրներուն սիրելին, արժանացած է եւրոպական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան` զրոյցներ վարելով թէ՛ իր երաժշտութեան, թէ՛ հայ երաժշտական արուեստի մասին առհասարակ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )