Քերրի Հայաստան Այցելելու Փափաք Յայտնած Է

0827_KerryՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի փափաք յայտնած է այցելելու Հայաստան: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այցելութեան մանրամասնութիւններն ու ծրագիրը տակաւին յստակ չեն:

Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն ըսած են. «Արտաքին գործոց նախարար Քերրի փափաք յայտնած է այցելելու Հայաստան, սակայն այս պահուս այցելութեան թուականը չի նշուիր»:

Share this Article
CATEGORIES