«Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Գծով Դաշնակցութիւնը Հաւատարիմ Կը Մնայ Իր Դիրքորոշումին» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն-Դաշնակցութիւն հանդիպումէն ետք Ազգային Ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսելով հանդիպման մասին ըսաւ, որ ատիկա պարզ աշխատանքային հանդիպում էր, քանի մը խնդիրներ կային, որոնք պէտք է երկկողմանի անմիջական հաղորդակցութեան միջոցով փորձէին լուծել եւ յառաջանալ: Ռուստամեան շեշտեց, որ հանդիպման ձեւաչափը քառեակը փոխարինելու կամ անոր զուգահեռ ձեւաչափ ստեղծելու նպատակ չի հետապնդեր, գոյութիւն ունին կարգ մը կէտեր, որոնց շուրջ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ դիրքորոշումները կը համընկնին, մասնաւորապէս կուտակային նոր օրէնքը Սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու մասով, դիմումը արդէն կը նախապատրաստուի: «Սահմանադրական դատարան դիմելու հարցը քառեակի մեր միւս գործընկերները, կարծես, չեն ընդունիր, ահաւասիկ թէ ինչու այսօր հանդիպումը Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ տեղի ունեցած է, նպատակը նախնական քննարկումներ ծաւալել է` այդ հարցին հետ կապուած կարգ մը խնդիրներու շուրջ: Մենք կրնանք Սահմանադրական դատարանին միջոցով փաստել կուտակային նոր օրէնքի հակասահմանադրականութիւնը: Ատիկա կարեւոր է, եւ Սահմանադրական դատարան դիմելու համար անհրաժեշտ է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան համաձայնութիւնը: Այսօր անոնց հետ կը փորձենք այդ հարցերը յստակացնել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Ըստ անոր, նաեւ քննարկուած են սահմաններ կատարուած այցելութիւնները, մասնաւորապէս խօսուած է սահմանամերձ գիւղերուն յատուկ կարգավիճակ տալու մասին, այսինքն` պէտք է սահմանուի «սահմանապահ գիւղ» եզրը, որ կ՛ենթադրէ արտօնեալ կարգավիճակ: Արմէն Ռուստամեան աւելցուց, որ պէտք է յստակացուի նման կարգավիճակ ստացող գիւղերու եւ արտօնութիւններու ցանկը: Ըստ պատգամաւորին, առայժմ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ կը քննարկեն այդ հարցերը, յառաջիկային այդ հարցերը նաեւ պիտի քննարկուին քառեակի միւս ուժերուն հետ: Պիտի ծանօթանան նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած նախագիծին եւ քննարկումներէ ետք պիտի մշակեն միացեալ ամբողջական նախագիծ` սահմանամերձ գիւղերու մասով: Յառաջիկայ ընելիքներուն մասին խօսելով` Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ կը սպասուին կարեւոր քայլեր. սահմանադրական փոփոխութիւններուն հարցը, ընտրական համակարգի փոփոխութեան հարցը, պիտի գնահատուի նոր կառավարութեան աշխատանքը, որովհետեւ քառեակը ներկայացուցած է 12 պահանջ, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան առնչուող խնդիրները: Պէտք է լուծուի սահմանամերձ գիւղերուն յատուկ կարգավիճակ շնորհելու հարցը, բանակի մարտունակութիւնն ու ոգին բարձրացնելու հարցը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ չափի սահմաններու մասին կը խօսէր Հայաստանի նախագահը, երբ կ՛ըսէր, որ ընդդիմութիւնը պէտք է գործէ չափի սահմաններուն մէջ, Արմէն Ռուստամեան ըսաւ. «Ընդդիմութիւնը չափի սահմաններուն մէջ կը գործէ, իշխանութիւնն է, որ չափէն դուրս կը գործէ: Եւ այստեղ մէկը միւսին դասեր տալու խնդիր չկայ, բոլորը պէտք է իրենց լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ գործեն: Այդ պատճառով ալ համակարգը այնպէս պէտք է փոխուի, որ չկարենան լիազօրութիւնները չարաշահել»:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ խօսուա՞ծ է արդեօք սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշումներու մասին, Ռուստամեան նշեց, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին խօսուած է, բայց առայժմ միասնական դիրքորոշում այդ հարցին կապուած չկայ, խնդիր կայ միասնական եզրակացութեան յանգելու: Արմէն Ռուստամեան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը հրապարակաւ արտայայտած է իր տեսակէտները սահմանադրական բարեփոխումներու մասին. ընդունելի կ՛ըլլան այն սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնք կ՛ունենան յստակ խորութեամբ փոփոխութիւններու տրամաբանութիւն եւ կառավարման համակարգը կը փոխեն դէպի խորհրդարանական համակարգ, սակայն Դաշնակցութեան պատկերացուցած փոփոխութիւններով: Ըստ Ռուստամեանին, եթէ այդ սահմանադրական փոփոխութիւնները չըլլան Դաշնակցութեան պատկերացուցած սկզբունքներով, սահմանադրական բարեփոխումները կը դառնան ինքնանպատակ: Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, որ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութենէն բացի, միւս երեք քաղաքական ուժերը դէմ են սահմանադրական բարեփոխումներուն, Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ երեք քաղաքական ուժերը իրականութեան մէջ դէմ արտայայտուած են չեղած նախագիծին, որովհետեւ նախագիծ տակաւին գոյութիւն չունի, հայեցակարգ ըսուածն ալ երկիմաստ է, այնտեղ խօսք չկայ կառավարման յատուկ համակարգի մասին, եւ ակնարկ կայ երկու համակարգի մասին: «Հայեցակարգ մը պիտի ներկայացուի, որքան մեզի յայտնի է, հոկտեմբերին: Ահաւասիկ թէ ինչու մեզի համար անհասկնալի է դէմ ըլլալը գոյութիւն չունեցող հայեցակարգին, որովհետեւ կարելի է դէմ ըլլալ բանի մը, որ չի համապատասխաներ քու մօտեցումներուդ: Բայց եթէ կը համապատասխանէ, դէմ ըլլալը անհասկնալի է», ըսաւ Ռուստամեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Դաշնակցութիւնը չի՞ բաժներ քառեակի երեք քաղաքական ուժերու այն դիրքորոշումը, որ այս պահուն առաջնահերթութիւն չէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը, ան նկատել տուաւ, որ բացարձակապէս չի բաժներ այդ կարծիքը, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կողմ է ամբողջական իշխանափոխութեան, իսկ ամբողջական իշխանափոխութիւնը կ՛ենթադրէ ոչ միայն վարչակազմի, այլ նաեւ համակարգի փոփոխութիւն: Եւ աւելի արդիւնաւէտ է իշխանափոխութիւնը իրականացնել համակարգի փոփոխութենէն ետք, քան ատիկա ընել ընտրութենէն ետք, որմէ ետք յայտնի չէ, թէ ընտրուողը կը հրաժարի՞ նախագահի աթոռէն, թէ՞ ոչ: Եւ ատիկա պէտք չէ աթոռակռիւի տեսք ստանայ: «Այլ բան է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ ներկայացուած նախագիծը չի համապատասխաներ մօտեցումներուն, բայց եթէ մօտեցումներուն կը համապատասխանէ, անհասկնալի է բովանդակութեան ծանօթ չըլլալով անոր դէմ ըլլալը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: «Կարե՞լի է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ տարակարծութիւնները պառակտեն քառեակը» հարցումին, Ռուստամեան պատասխանեց. «Նոր բան տեղի պիտի չունենայ: Մենք ըսած ենք, որ քառեակը քառեակ է այնքանով, որ չորս ուժերը կը համաձայնին բան մը ընել, մնացեալ պարագաներուն իւրաքանչիւրը իր մօտեցումը ունի: Սահմանադրական փոփոխութիւններուն կապուած, մենք անկախութենէն ի վեր յայտարարած ենք եւ մեր գիծը բռնած կը տանինք: Ի՞նչ իմաստ ունի, որ ըսուի` մեր պահանջը պիտի բաւարարէք, բայց հիմա մի՛ բաւարարէք, այլ երեք տարի ետք բաւարարեցէք: Եթէ հիմա համակարգը չփոխուի, տակաւին 10 տարի պիտի չկարենանք համակարգ փոխել, որովհետեւ անձէն անկախ, աթոռի գայթակղութիւնը ատիկա չի ձգեր»: Արմէն Ռուստամեան աւելցուց. «Անընդունելի եւ անհասկնալի են քաղաքական դէմքերու այն յայտարարութիւնները, որոնք դաւաճան կը նկատեն սահմանադրական փոփոխութիւններու կողմնակիցները, ատով իսկ պառակտում մտցնելով: Այդ մասին պէտք է մտածել: Թշնամանքն ու թոյնը որո՞ւն պէտք են»:

