Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ կալուած պիտի գնէք, շատ խոստումներ կը լսէք, բայց կարեւոր է, որ ձեր աչքերը լաւ բանաք ճշմարտութիւնը գիտնալու եւ հասկնալու համար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ուժերուն տէրը եղէք, օրը երկար է եւ շատ ընելիքներ ունիք: Ուրիշ հարցերով մի՛ զբաղիք, կեդրոնացէք միայն ձեր գործերուն վրայ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր սրտին հետ խօսելու համար օրը շատ յարմար է: Այս վերացական խրատը պէտք է լաւ ըմբռնէք եւ գործնականի վերածէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք կարօտի հարցեր, այս կը մտահոգէ ձեզ: Մտածեցէք տեղափոխուելու մասին` քանի մը ժամ, ազնիւ բարեկամներու միասնականութեամբ: Կը փոխուիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արուեստագէտի կալուածը ձեզ կը հետաքրքրէ: Կրնաք յաջողութիւն ունենալ այս մարզին մէջ: Արտայայտեցէք ձեր շնորհները: Ոչինչ պահեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երջանկութիւնը դրամի կամ հարստութեան մէջը չէ: Ձեր արդար եւ բարի աշխատանքով կրնաք երջանկանալ, երբ օգտակար ըլլաք ուրիշին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կրնաք յաջող իրագործումով ուրախանալ: Այս ալ երջանկութիւն նկատեցէք: Հեռու մնացէք նախանձոտ եւ չարամիտ անձերէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ պիտի օգտուիք անցեալի ձեր փորձառութենէն: Ներկայիս ունիք լաւ տեսադաշտ` հասկնալու համար լաւագոյնը եւ կատարեալը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դեռ ժամանակը ուշ չէ օգտուելու համար ամրան բարիքներէն: Դուք ձեր վրայ ծալուած մի՛ մնաք: Շարժուն եղէք, կ՛օգտուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին յատուկ պատեհութիւն մը պիտի ստեղծուի, հետեւաբար կրնաք օգտուիլ: Օրը ունի տարբեր եւ հաճելի առիթներ` օգտուելու նիւթապէս:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ սպասէք, որ ուրիշներ օգնութիւն խնդրեն ձեզմէ: Ինքնաբերաբար, սրտաբուխ կերպով բարիք ըրէք ձեր շուրջիններուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փոքր հաշիւ մը ըրէք նոր գնումներու կամ այլ գործերու պարագային: Նախքան ծախսի նստիլը եւ ապագայի մասին մտածելը` հապճեպ որոշում մի՛ տաք:

Share this Article
CATEGORIES