50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1964)
Խմբագրական
Հրատապ Հարց Մը
Վերամուտը կը մօտենայ ու կրթական հարցը ոչ միայն պատկան մարմիններու եւ ժողովներու սեղանին վրայ է, այլ նաեւ իւրաքանչիւր գիտակից հայու մտահոգութեան առարկան կը կազմէ:
Ոչ մէկ կասկած, որ հակառակ վերջին տարիներու զգալի ճիգին եւ առնուած բարեդէպ քայլերուն` կրթական գործը ունի խոցելի կէտեր, վիրաւոր կողմեր, որոնք արմատական լուծումի կը սպասեն, առնուազն դարմանի կը կարօտին: Այս հաստատումը չի նշանակեր, որ կը թերագնահատենք պատասխանատուներու նախանձախնդրութիւնը` կրթական գործը դնելու ամուր հիմերու վրայ, պատրաստուած եւ անձնուէր ուսուցիչներու օժանդակութեամբ եւ ծնողներու գործակցութեամբ:
Բայց տեղքայլը նահանջ է արագասոյր այս դարուն, մանաւանդ մեր պարագային, երբ ամուր յենարաններ չունինք կրթական գործը անհրաժեշտ բարձրութեան հասցնելու համար: Այսօր, մեր կրթական պատասխանատուներուն առջեւ դրուած հիմնական հարցը, անկախ դպրոցական ցանցի տարածումէն եւ մակարդակի բարձրացումէն, մեր ազգային հրամայական պահանջները ժամանակի եւ միջավայրի պայմաններուն հետ հաշտեցնելն է, կամ` փոխադարձաբար: Ընել այնպէս մը, որ ազգայինը չտուժէ տեղական պայմաններէն եւ ժամանակի պահանջներէն: Օրէ օր աճող առօրեայի ներխուժումը մեր ազգային կեանքէն ներս մեզ չդնէ այնպիսի իրականութիւններու առջեւ, ուր ստիպուինք բախտորոշ որոշումներ տալ:
Այլ խնդիր` ուսուցիչներու պարագան: Որակաւոր տարրերուն համար հայկական վարժարաններէ ներս պաշտօնավարելը զոհողութիւն է անպայման, երբ լաւ գիտենք, թէ նոյնքան եւ աւելի պակաս ժամանակի մը յատկացումը, որեւէ օտար վարժարանի մէջ, պիտի վարձատրուի անհամեմատ գումարներով: Հակառակ ասոր քիչ չէ թիւը այն ուսուցիչներուն, որոնք ամէն զոհողութիւն յանձն կ՛առնեն` թելադրուած իրենց ազգային գիտակցութենէն եւ այն դաստիարակութենէն, որ իրենց սերունդը ստացաւ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական վարժարաններուն մէջ: Բայց պէտք է մօտենալ գիտնալ, անոնց ազգային զգացումները արժեցնել եւ հասնիլ դրական արդիւնքի մը, որ անպայմանօրէն պիտի ստացուի, եթէ դադրինք ուսուցիչին նայելու իբրեւ… վարժապետի, այս բառին սովորական իմաստով:
Ծնողներու պարտականութիւնը նոյնքան կարեւոր է: Անոնց ամբողջական եւ ըմբռնուած գործակցութիւնը անհրաժեշտ է կարենալ յաջողութեամբ պսակելու համար այն պայքարը, որ ազգային իշխանութիւններ եւ կրթական գործով հետաքրքրուող կազմակերպութիւններ կը մղեն կարենալ մրցելու համար օտար վարժարաններուն հետ:
Բարեբախտաբար առաջքը առնուած է այն թիւր ըմբռնումին, թէ հայ տղաք ժամանակ կը վատնեն հայկական վարժարան յաճախելով: Յոռեգոյն պարագային, նոյնիսկ այդ կորուստն ալ աչք առնելով, ծնողներ ջերմօրէն կը փափաքին հայեցի դաստիարակութիւն տալ իրենց զաւակին, պայմանաւ որ ան միւս նիւթերուն մէջ չտուժէ: Վերջ տրուի այն խճողումին, որ ընդհանրապէս կը յատկանշէ մեր դպրոցական ծրագիրները, վերջ տրուի մանաւանդ այն անորոշութեան, որմէ տառապեցաւ մեր կրթական գործը` անգլիականի եւ ֆրանսականի պայքարով:
Կասկած չկայ, թէ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոններուն մէջ ազգային երկու քոլեճներու հաստատումով կրթական կեանքը նոր թափ պիտի ստանայ: Պատասխանատուներուն կը մնայ առաւելագոյն չափով օգտագործել հոգեբանական այն ցնցումը, որ այդ երկու քոլեճներուն բացումը պիտի ունենայ մեր կեանքին մէջ: Ներկայիս նպաստաւոր գետին մը ստեղծուած է: Հայ ծնողը կը տեսնէ, թէ գիտակցական մեծ ճիգ մը կայ կրթական գործը դուրս բերելու համար իր այժմու վիճակէն եւ հանելու լայնարձակ ճամբայ, որ անպայմանօրէն պիտի տանի անհաշիւ զոհողութիւններու արդար վարձատրութեան:
Մեր բոլոր մեծ ու փոքր խնդիրները, բացի Հայ դատէն, որ ամբողջական լուծում մը կրնայ տալ բոլոր հարցերուն, կը նսեմանան կրթական մտահոգութիւններու առջեւ` հայութեան առջեւ դնելով ապագայի իր կենսական հարցը: Լինել չլինելու երկընտրանքը: Չափազանցած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք, թէ գաղութներու ապագան կախում ունի կրթական գործին տալիք մեր լուծումէն:
Երբ հեռաւոր Ամերիկայի մեր հայրենակիցները, տարիներու խարխափումներէն ետք, հայուն դիմագիծը պահելու համար կու գան ու կանգ կ՛առնեն կրթական գետնի վրայ, անկարելին կարելի դարձնելու հրաշքով, մենք, որ նպաստաւոր ու պարարտ հող ունինք, չենք կրնար թերանալ մեր պարտականութեան մէջ:
Հետաքրքրական
Ամերիկեան Նոր Օրէնք Մը
Ամերիկեան Քոնկրեսը քուէարկած է օրէնք մը, որուն տրամադրութեանց համաձայն, ամերիկացի ամուսինները եւ կիները պարտաւոր են փոխադարձաբար իրարու յայտնել, թէ ի՛նչ գումարներ պահ դրած են դրամատուներուն մէջ:
Այս օրէնքը քուէարկուելէ ետք, անմիջապէս իրարանցում ստեղծուած է բոլոր դրամատուներուն մէջ: Հազարաւոր այրեր ու կիներ իրենց ունեցած գումարները իրենց կնոջ եւ ամուսնոյն չյայտնելու համար փութացած են իրենց պահ դրած դրամները ետ առնել` նախքան ի զօրու դառնալը օրէնքին, որ լուրջ պատիժներ կը նախատեսէ անսաստողներուն:
Տիպար Խումբը
Լիւքսամպուրկի Էքս քաղաքին մէջ կայ ֆութպոլի խումբ մը, որ կը բաղկանայ Էմիլ Մոնթէն եւ իր տասը զաւակներէն: Խումբը մինչեւ հիմա բազմաթիւ յաջող մրցումներ ունեցած է:
Ինչպէ՞u Գրաւել Կին Մը
Ֆրանսական պարբերաթերթ մը իր ընթերցողներուն հարցուցած է, թէ ի՛նչ միջոցներու պէտք է դիմել կին մը գրաւելու համար:
Յաղթական հանդիսացած է իտալացի Վինճօ, որ խաղաթուղթի չորս մէկնոցներ ղրկած է հետեւեալ բացատրութիւններով.
«Քուփա»-ի կամ սրտի մէկնոց` զգացումով:
«Քարօ»-ի մէկնոց` դրամով:
«Սփաթի»-ի մէկնոց` պատիւով ու փառքով:
«Մաչա»-ի մէկնոց` ծեծով: Ծեծը դրախտէն սկսած է: Գրեթէ բոլոր կիները կը սիրեն ծեծը, որովհետեւ սիրոյ արտայայտութիւն կը նկատեն զայն:
Խենթութիւն…
Ամերիկայի մէջ նոր «խենթութիւն» մը ծայր տուած է: Ծնողները իրենց փոքրիկին գունաւոր լուսանկարներէն լուսանկար մը կու տան գործատան մը ու մէկ շաբաթ ետք կը ստանան իրենց փոքրիկին դէմքով պուպրիկ մը:
Ուրուականները…
Զբօսաշրջութեան անգլիական սպասարկութիւնը հրապարակ հանած է ցուցակը միջին դարու աշտարակներուն ու միւս շէնքերուն, ուր ուրուականներ կը յաճախեն:
Ցուցակին մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ կան ուրուականի ինքնութեան, սովորութեանց ու մասնաւորաբար անոր գիշերային երեւումներու ժամերուն մասին:

