Արուեստի Աշխարհէն. Ճիշդ Ո՞ր Վայրկեանին Ծնած Է Տպաւորապաշտ Ոճը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐԵՒՈՒՆ ԴԻՐՔԸ ԵՒ ՄԱԿԸՆԹԱՑՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՄԵՄԱՏԵԼՈՎ` ԱՍՏՂԱԲՆԱԳԷՏ ՄԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԱՅՆ ՊԱՀԸ, ԵՐԲ ՄՈՆԷ ԱՌԱԾ Է ԻՐ ՎՐՁԻՆԸ ԵՒ ՍԿՍԱԾ Է ԳԾԵԼ ԻՐ «ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. ԾԱԳՈՂ ԱՐԵՒԸ» ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ: «ՏԻ ԱՐԹ ՆԻՒԶՓԷՅՓԸՐ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆԸ:

985birthԱյժմ կարելի է ժամով եւ օրով ըսել գեղանկարչութեան տպաւորապաշտ ոճի ծնունդին ճիշդ պահը. 13 նոյեմբեր 1872, առաւօտեան ժամը 7:35:  Նոր ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է այն վայրկեանը, երբ Մոնէ գծած է իր «Տպաւորութիւն. ծագող արեւը» գեղանկարը, որուն անունով ճանչցուած է արուեստի տպաւորապաշտ շարժումը: Այս թուականին հետ առնչուած ապացոյցներ պիտի ներկայացուին յառաջիկայ ամիս, ցուցահանդէսի մը առիթով, որ տեղի պիտի ունենայ Փարիզի Միւզէ Մարմոթան Մոնէի մէջ, որ սեփականատէրն է նշեալ գեղանկարին:

Ցարդ յայտնի չէ, թէ արդեօք «Տպաւորութիւն. ծագող արեւը» գեղանկարը գծուած է 1872-ի՞ն, թէ՞ 1873-ին: Մոնէ իր ստորագրութեան կողքին արձանագրած է «72», սակայն Վիլտընշթայն պատկերագիրքին մէջ արձանագրուած է 1873, որովհետեւ նոյն տարուան գարնան արուեստագէտը կը բնակէր Լը Հավրի մէջ: Տպաւորապաշտ տեսարանին աղօտ բնոյթը թոյլ չէ տուած ճշդելու նաւահանգիստին վայրը, ինչ որ անհրաժեշտ էր տարեթիւը հաստատելու համար:

Թեքսասի նահանգային համալսարանին մէջ աստղագիտութեան դասախօս Տանըլտ Օլսըն, որ յօդուած մը գրած է ցուցահանդէսին առիթով լոյս տեսած պատկերագիրքին մէջ, իր աշխատանքին սկսած է նախ գտնելով պանդոկը, ապա` այն սենեակը, ուր ապրած է Մոնէ: Ան կը մատնանշէ Կրանտ Քէ փողոցին վրայ «Օթել Ամիրոթէ օ Հավր» պանդոկին մէջ երրորդ յարկի սենեակ մը: Մոնէ այս սենեակէն դիտած է դէպի հարաւարեւելք, այսինքն` Քէ Քուրպի նաւահանգիստը:

Կարգ մը մասնագէտներ կը հաւատան, թէ գեղանկարը կը պատկերէ արեւամարը, որովհետեւ, երբ անիկա վաճառուած է 1878-ին, անոր վերնագիրը կ՛ըսէր. «Տպաւորութիւն. մար մտնող արեւը»: Այսուհանդերձ, Օլսըն կը բացատրէ, թէ արեւուն պատկերուած դիրքը դէպի արեւելք` մտածել կու տայ, թէ անիկա հաւանաբար կը ծագէր: Օլսըն նաեւ հաշուած է, թէ արեւը Մոնէի գեղանկարին մէջ պատկերուած դիրքով կարելի է տեսնել տարին միայն երկու անգամ. նոյեմբերի կիսուն եւ յունուարի վերջերուն: Արեւը պատկերուած է հորիզոնէն 2 կամ 3 աստիճան վեր, որ համազօր է 20-30 վայրկեանի` արեւածագէն ետք:

Ապա Օլսըն ուսումնասիրած է ծովուն մակերեսը, որովհետեւ մեծ նաւերը նաւահանգիստ կրնան մուտք գործել կամ հոնկէ դուրս գալ մակընթացութեան ժամանակ միայն 3-4 ժամուան ընթացքին: Նկատի ունենալով արեւուն դիրքը եւ ծովուն մակընթացութիւնը` 1872-1873-ի միջեւ հաւանական 19 թուականներ միայն պիտի համապատասխանէին գեղանկարին մէջ անոնց պատկերումին:

Յաջորդ քայլը օդերեւութաբանական տեղեկագիրներու ուսումնասիրութիւնն էր. այսինքն` բացառել այն օրերը, երբ ամպերը պիտի խափանէին արեւը եւ նկատի ունենալ միայն մշուշապատ օրերը: Այս ձեւով հաւանական օրերու թիւը իջած է 6-ի. 21 եւ 22 յունուար 1872, 13 եւ 15 նոյեմբեր 1872, 25 եւ 26 յունուար 1873:

Ապա Օլսըն կեդրոնացած էր գեղանկարին ձախ կողմէն բարձրացող եւ երկինքին վրայ դէպի աջ տարածուող ծուխին ուսումնասիրութեան վրայ: Օդերեւութաբանական տեղեկագիրներ մտածել կու տան, թէ հովը այս ուղղութեամբ տարածուած ըլլալու էր վերոնշեալ 6 օրերէն միայն 2-ին ընթացքին. 13 նոյեմբեր 1872 եւ 25 յունուար 1873:

Վերջին գործօնը Լը Հավրի մէջ Անտրէ Մալրոյի արդի արուեստի թանգարանի գործերու պատասխանատու Ժերալտին Լըֆեպրի ուսումնասիրութիւնն էր: Ան համոզուած էր, թէ Մոնէի կողմէ արձանագրուած «72» թուականը ճիշդ էր, որովհետեւ նկատի ունենալով Մոնէի տեղափոխութիւնները` շատ անհաւանական էր, որ ան Լը Հավր գտնուած ըլլար յունուարին: Ասիկա կը նշանակէ, թէ «Տպաւորութիւն. ծագող արեւը» գեղանկարը Լը Հավրի այս տեսարանը կը պատկերէ 13 նոյեմբեր 1872-ի առաւօտեան ժամը 7:35-ին:

Անշուշտ այս նախատեսութիւնները հիմնուած են այն ենթադրութեան վրայ, թէ Մոնէ ճշգրիտ կերպով վերարտադրած է յատուկ վայրկեան մը: Սակայն Օլսըն կը վիճի, թէ «Լը Հավրի մէջ Մոնէի բազմաթիւ այլ գեղանկարները ուսումնասիրելէ ետք կարելի է վստահաբար ըսել, թէ արուեստագէտը ճշգրիտ կերպով նկարած է նաւահանգիստի տեսարանը»: Գեղանկարին մէկ ուսումնասիրութիւնը մտածել կու տայ, թէ անիկա գծուած է շատ արագ, առաւօտ մը, ինչպէս բնորոշ էր նոյնինքն Մոնէի յայտնագործած տպաւորապաշտ ոճին:

Մոնէ իր «Տպաւորութիւն. ծագող արեւը» գործը ցուցադրած է Փարիզի մէջ «Անանուն արուեստագէտներու, գեղանկարիչներու, քանդակագործներու եւ փորագրողներու ընկերութեան» մէկ ցուցահանդէսին առիթով, որուն բացումը տեղի ունեցած է 15 ապրիլ 1874-ին, եւ որ հետագային ճանչցուած է իբրեւ տպաւորապաշտ ոճի առաջին ցուցահանդէսը: «Տպաւորապաշտներ» բառը ինքնին առաջին անգամ գործածած է քննադատ Լուի Լըրուա, ցուցահանդէսէն 10 օր ետք, «Լը Շարիւարի» թերթին մէջ: Այսօր տպաւորապաշտութիւնը սիրուած ոճ մըն է, իսկ այն գեղանկարը, որ ծնունդ տուած է անոր անունին, անխուսափելիօրէն բազմութիւններ կը ներգրաւէ դէպի Միւզէ Մարմոթան Մոնէ թանգարան, որ գեղանկարին տիրացած է 1940-ին:

Մոնէ հաւանաբար դէպի հարաւ-արեւելք դիտած էր` գծելու համար իր «Տպաւորութիւն. ծագող արեւը» գեղանկարը, ինչպէս` այս բացիկին մէջ:

Մոնէ հաւանաբար դէպի հարաւ-արեւելք դիտած էր` գծելու համար իր «Տպաւորութիւն. ծագող արեւը» գեղանկարը, ինչպէս` այս բացիկին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES