Արուեստի Աշխարհէն. Ի՞նչ Կը Տեսնենք, Երբ Կը Կարդանք

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ` ԱՐԴԵՕՔ ԻՐԱՊԷՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵ՞ՆՔ ՄԵՐ ԿԱՐԴԱՑԱԾ ՎԷՊԵՐՈՒՆ ՏԻՊԱՐՆԵՐԸ: ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱ՞Ն ՄԵԶԻ ԳՐԱԳԷՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԱԾ ՅՍՏԱԿ ՊԱՏԿԵՐՈՎ ՄԸ, ԹԷ՞ ՄԵՐ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳԾԵՆՔ ԶԱՆՈՆՔ` ՏԱՐԲԵՐ ՅԱՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ: ԱՒԵԼԻ՛Ն. ՏԻՊԱՐԻ ՄԸ ՄԵՐ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ՞ ՎԷՊ ՄԸ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ: ԱՅՍ ԵՒ ՆՄԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՎԷՊԵՐՈՒ ԿՈՂՔԵՐ ԳԾՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՓԻԹԸՐ ՄԵՆՏԸԼՍԸՆՏ ԻՐ «ՈՒԱԹ ՈՒԻ ՍԻ ՈՒԵՆ ՈՒԻ ՌԻՏ» ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ, ՈՐՄԷ ՍՏՈՐԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆԱԲԱՐ ՏՐՈՒԱԾ ՀԱՏՈՒԱԾԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է «ՏԸ ՓԱՐԻԶ ՌԻՎԻՈՒ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ:

Եթէ ձեզի ըսեմ` «նկարագրեցէք Աննա Քարենինան», թերեւս պիտի նշէք անոր գեղեցկութիւնը: Եթէ աւելի ուշադիր կարդացած էք վէպը, պիտի նշէք անոր «խիտ թարթիչները», մարմնին ծանրութիւնը:

Սակայն ի՞նչ պատկերով կը ներկայանայ Աննա Քարենինա: Երբեմն շատ սերտ կապ մը կը զգանք տիպարի մը հետ: Երբեմն նոյնիսկ «ծանօթ» կը զգանք բացառիկ ձեւով նկարագրուած տիպարներու: Սակայն այս չի նշանակեր, թէ իրապէ՛ս կրնանք պատկերացնել զանոնք:

985read

Աննա Քարենինա՝ ոստիկանութեան պատկերացումով։

Աննա Քարենինա՝ ոստիկանութեան պատկերացումով։

Կրնա՞ք Երեւակայել Աննա Քարենինան

Բազմաթիւ հեղինակներ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար իրենց երեւակայական տիպարներուն ֆիզիքական յատկանիշներէն աւելի` կը ներկայացնեն անոնց վարուելակերպի յատկանիշները: Նոյնիսկ երբ հեղինակ մը գերազանց յաջողութեամբ կը նկարագրէ տիպարի մը ֆիզիքական յատկանիշները, անոնք կը մնան ցիր ու ցան եւ պարագայական մանրամասնութիւններ: Հեղինակներ չեն կրնար ամէն ինչ ըսել մեզի: Հետեւաբար մե՛նք կը լրացնենք բացերը: Աննա Քարենինայի մազերը եւ մարմնին ծանրութիւնը պարզապէս մակերեսային երեւոյթներ են: Անոնք կ՛ակնարկեն մարմնի որոշ տեսակի մը, մազի որոշ գոյնի մը: Սակայն ի՞նչ երեւոյթ ունի Աննա Քարենինա. թերեւս աւելի լաւ պիտի պատկերացնէինք ոստիկան մը:

Կը թուի, թէ պատկերացում մը կազմելը կը պահանջէ կամեցողութիւն, թէեւ երբեմն մեզի այնպէս կը թուի, թէ որոշ կերպարանք մը կը յայտնուի ինքնաբերաբար, սակայն կը սկսի աղօտիլ, երբ աւելի մօտէն կը սկսինք զննել զայն:

985read5Երբեմն ընթերցողներու հարց կու տամ, թէ արդեօք կրնա՞ն երեւակայել իրենց նախասիրած տիպարները: Ոմանք կ՛ըսեն, թէ իրենց նախասիրած տիպարները «մարմին ունին»: Անոնք կը վիճին, թէ երեւակայական պատմութեան մը յաջողութիւնը կախեալ է անոր տիպարներուն իրական երեւոյթէն: Ոմանք նոյնիսկ կ՛ըսեն, թէ վէպ մը հաճոյքով կը կարդան միայն այն ատեն, երբ տիպարները տեսանելի են:

«Կրնա՞ք երեւակայել Աննա Քարենինան», հարց կու տամ:

«Այո՛,- կը պատասխանէ մէկը,- կարծէք դիմացս կանգնած է ան»:

«Քիթը ի՞նչ ձեւ ունի», կը հարցնեմ:

«Չէի մտածած, սակայն այնպիսի անձ մըն է, որուն քիթը հաւանաբար պիտի նմանէր…»:

«Լա՛ւ, բայց ինչպէ՞ս կը պատկերացնէիր զայն նախքան հարցնելս: Առա՞նց քիթի»:

«Չեմ գիտեր»:

«Արդեօք յօնքերը հա՞ստ են, ճակատին վրայ իջած մազեր ունի՞, կոպերուն ծայրերը խնդուքի կնճիռներ գոյացա՞ծ են»:

Միայն շատ բծախնդիր գրագէտ մը պիտի նկարագրէր այս բոլորը, թէեւ Թոլսթոյ երբեք չի դադրիր նշելէ Աննայի նուրբ մատները: Արդեօք այս նկարագրութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի Թոլսթոյի համար:

Կարգ մը ընթերցողներ չեն վարանիր հաստատելու, թէ կատարելապէս կը պատկերացնեն նման տիպարներ, սակայն` միայն կարդալու ընթացքին: Կը տարակուսիմ, սակայն կը մտածեմ, թէ արդեօք տիպարներու մեր պատկերացումը աղօտ է, որովհետեւ տեսողութեան վրայ հիմնուած մեր յիշողութիւնները ընդհանրապէս աղօ՞տ են:

Կարելի է կատարել հետեւեալ փորձարկութիւնը. պատկերացուցէք ձեր մայրը, ապա` ձեր նախասիրած գրական մէկ տիպարը: Որքան աւելի կեդրոնանաք, յիշողութեան մէջ աւելի արագ կը յայտնուի ձեր մօ՛ր պատկերը, քան` ձեր սիրած գրական մէկ տիպարին: Երեւակայական տիպար մը այնքան ալ դիւրութեամբ չի յայտնուիր. որքան մօտէն դիտենք զայն, նոյնքան աւելի կը հեռանայ ան:

Իրականութեան մէջ բարիք է այս: Երբ կը փորձեմ երեւակայական տիպար մը պատկերացնել յատուկ դէմքով մը, ոչ թէ կը ճանչնամ զայն, այլ կը սկսիմ զայն շփոթել ծանօթ անձի մը հետ եւ կը սկսիմ մտածել` չէ՛, Աննան չէ:

«Ծանրաշարժ Եւ Անկազմակերպ»

Վերջերս կը կարդայի վէպ մը եւ կը կարծէի, թէ յստակօրէն կը տեսնէի տիպարը. ընկերութեան մէջ ճանչցուած կին մը` «խոշոր աչքերով»: Երբ սկսայ քննութեան ենթարկել երեւակայութիւնս, զգացի, թէ իրականութեան մէջ կ՛երեւակայէի պաշտօնակիցներէս մէկը` մեծ մօրս մէկ բարեկամուհիին երեւոյթով: Երբ սկսայ երեւակայել նման կերպար մը, հաճելի զգացում մը չէր:

Յաճախ, երբ անձէ մը կը խնդրեմ, որ նկարագրէ իր նախասիրած մէկ գիրքին գլխաւոր տիպարներէն մէկը, կը սկսի նկարագրել, թէ ինչպէ՛ս այս տիպարը կը շարժի տարածութեան մէջ: Իրօք, ինչ որ կը պատահի երեւակայական պատմութեան մը մէջ, ընդհանրապէս ձեւագծուած շարժումներու ամբողջութիւն մըն է:

Ընթերցող մը պիտի ըսէր, թէ Ուիլիըմ Ֆոլքնըրի «Տը սաունտ էնտ Ֆիուրի» վէպին հերոսներէն` Պենճի Քոմսըն «ծանրաշարժ էր եւ անկազմակերպ»:

Սակայն ի՞նչ երեւոյթ ունէր ան:

Գրական տիպարները ֆիզիքապէս աղօտ են. անոնք ընդհանրապէս ունին ֆիզիքական քանի մը յատկանիշներ, որոնք այնքան ալ կարեւոր չեն, կամ կարեւորութիւն կը ստանան միայն այն ատեն, երբ կը նպաստեն բիւրեղացնելու տիպարի մը իմաստը: Տիպար մը նկարագրելը իրականութեան մէջ զայն կաշկանդելու ձեւ մըն է: Անոր ֆիզիքական յատկանիշները կ՛օգնեն գծելու անոր սահմանները, սակայն չեն օգներ իրապէս պատկերացնելու զայն:

Եւ ճիշդ այն, ինչ որ չ՛արտացոլար գրութեան մէջ, կը խթանէ մեր երեւակայութիւնը: Հետեւաբար, ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօք ամէնէն աւելի ցայտուն կերպով կ՛երեւակայենք տիպար մը, երբ հեղինակը ամէնէն աւելի խուսափողակա՞ն է եւ միայն սե՞ղմ նկարագրութիւն մը կու տայ:

Երաժշտութեան մէջ խազերը եւ լարերը կը բնորոշեն գաղափարները, սակայն նոյն դերը կը կատարեն նաեւ լռութեան մասերը:

Կամ արդեօք համապարփակ ըլլալը կենսական չէ՞ որեւէ բան բնորոշելու համար:

Տիպարները` Ծածկագիրներ

«Տիպարները ծածկագիրներ են, իսկ պատմութիւնները կը հարստանան` ջնջելով», գրած է ամերիկացի վիպագիր Ուիլիըմ Կաս` ակնարկելով Հենրի Ճէյմսի «Տի օուքուըրտ էյճ» վէպին տիպարներէն` Միսթըր Քաշմորի:

Կարելի է երեւակայել բազմաթիւ այլ խօսքեր` Միսթըր Քաշմորի մասին, կամ` հարց տալ. «Ի՞նչ է Միսթըր Քաշմորը»: Պատասխանը կու տամ ձեզի. Միսթըր Քաշմորը 1) աղմուկ է, 2) յատուկ անուն է, 3) գաղափարներու բարդ համակարգ մըն է, 4) հակակշիռ տարածող գաղափար մըն է, 5) բառերը դասաւորող գործիք մըն է, 6) ակնարկելու կը ծառայէ, 7) բառային ուժգնութեան աղբիւր մըն է:

Ի վերջոյ կարեւորը տիպարներուն վարուելակերպն է` իրենց երեւակայական եւ ձեւագծուած աշխարհին մէջ:

Թէեւ տիպարներու մասին կը մտածենք իբրեւ տեսանելի անձեր, անոնք աւելի կը նմանին շարք մը օրէնքներու, որոնք ի գործ կը դրուին յատուկ նպատակի մը հասնելու համար: Տիպարի մը ֆիզիքական յատկանիշները պարզապէս զարդարանք կը թուին ըլլալ, սակայն նաեւ կրնան նպաստել անոնց իմաստին:

Օրինակ` Քարենինի (Աննա Քարենինայի «կոտոշաւոր» ամուսինը) ականջները կը մեծնան այնքան, որքան կ՛աւելնայ կնոջ հակակրանքը իրեն նկատմամբ: Այսպէս, ականջները ոչ թէ ֆիզիքական յատկանիշ մը ցոյց կու տան, այլ ընթերցողին կը փոխանցեն շատ բան` Աննայի զգացումներուն մասին:

«Զիս Իսմայէլ կոչեցէք»:

Ի՞նչ կը պատահի, երբ կը կարդանք Հըրման Մելվիլի «Մոպի-Տիք» վէպին այս առաջին տողը:

Մէկը մեզի կ՛ուղղէ իր խօսքը, բայց ո՞վ: Թերեւս մեր «մտային» ականջով կը լսենք այս բառերը` նախքան զայն խօսողը երեւակայելը: Աւելի յստակ կը լսենք անոր արտասանած բառերը, քան թէ կը տեսնենք անոր դէմքը (լսելը տեսողութենէն կամ հոտառութենէն տարբեր ջղաբանական գործընթացներ կը պահանջէ: Աւելի կը լսենք, քան թէ կը տեսնենք, երբ կը կարդանք):

Եթէ յաջողեցանք Իսմայէլի մէկ պատկերը երեւակայել, ինչպէ՞ս պիտի նկարագրէինք զայն. իբրեւ ծովագնա՞ց մը (ասիկա կը նշանակէ, թէ արդէն զայն դասեցինք որոշ տեսակի մարդոց շարքին): Կ՛երեւակայենք զայն Ռիչըրտ Պէյսհարթի՞ կերպարով` Ճոն Հիւսթընի «Մոպի-Տիք» ժապաւէնին մէջ:

Պէտք է շատ լուրջ մտածել մեր նախասիրած մէկ գիրքին ժապաւէնի պատշաճեցումը դիտելէ առաջ, որովհետեւ գիրքին տիպարները կրնան մեր երեւակայութեան մէջ դրոշմուիլ ժապաւէնին դերակատարներուն կերպարով: Այս մէկը լուրջ վտանգ է:

Ի՞նչ է Իսմայէլի մազին գոյնը: Անոր մազերը գանգո՞ւր են, թէ՞ շիտակ: Արդեօք ան մեզմէ աւելի բարձրահասա՞կ է: Եթէ յստակ պատկերացում մը չունինք, պիտի ըսէինք` «ան վէպին հերոսն է, զայն առաջին դէմքով պատմողը»: Թերեւս ասիկա բաւարար է. Իսմայէլ հաւանաբար զգացում մը կ՛արթնցնէ մեր մէջ, սակայն ասիկա համազօր չէ զայն տեսնելու:

Թերեւս Մելվիլ յատուկ պատկեր մը ունէր իր երեւակայութեան մէջ: Թերեւս Իսմայէլ կը նմանէր մէկու մը, որուն հանդիպած էր ծովուն վրայ իր անցուցած տարիներուն ընթացքին: Սակայն Մելվիլի մտապատկերը մերը չէ: Եւ որքան ալ լաւ պատկերուած ըլլայ այս տիպարը, թէեւ չեմ յիշեր, թէ Մելվիլ նկարագրած է անոր ֆիզիքական յատկանիշները, շատ հաւանական է, որ գիրքը կարդալու ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկենք մեր պատկերացումը: Տեւաբար վերատեսութեան կ՛ենթարկենք վէպերու տիպարներու մեր մտապատկերները` համաձայն անոնց մասին ներկայացող նորութիւններուն:

Իսմայէլի դէմքին մեր պատկերացումը կրնայ կախեալ ըլլալ մեր տրամադրութենէն, անիկա կրնայ փոխուիլ` վէպին մէկ գլուխէն միւսը:

Երբեմն թատերախաղի մը մէջ բազմաթիւ դերակատարներ կը մարմնաւորեն դեր մը: Անոնց տարբերութիւնը զգալի կը դառնայ հանդիսատեսին: Սակայն վէպ մը կարդալէ ետք մեզի այնպէս կը թուի, թէ բոլոր տիպարներուն դերը մարմնաւորած էր մէկ դերակատար: Երեւակայական պատմութեան մէջ տիպարի բազմազանութիւն կը նշանակէ հոգեբանական բարդ վիճակ:

Այլ հարցում մը. մինչ վէպը կը զարգանայ, տիպարի մը երեւոյթը կը փոխուի՞ մեր երեւակայութեան մէջ, օրինակ` անոր ներքին հասունացումին հետ: Իրական կեանքի մէջ անձ մը աւելի գեղեցիկ կը թուի մեզի, երբ աւելի լաւ կը ճանչնանք անոր բնաւորութիւնը, եւ ասիկա կապ չունի ֆիզիքապէս զայն աւելի մօտէն տեսնելու հետ:

Արդեօք տիպարները ամբողջակա՞ն են այն վայրկեանէն, երբ կը ներկայանան մեզի: Թերեւս այո՛, սակայն` խառնակ պատկերով, փազըլի մը պէս:

(Յապաւուած)

 

Share this Article
CATEGORIES