Ի՞նչ Կը Կարդաս, Կարդացած Գիրքիդ Ու Գրողին…

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Երբ տունէդ դուրս կ՛ելլես, չես գիտեր, թէ ո՛վ եւ որո՛նք կրնան ելլել դիմացդ` օրդ օրհնելու կամ հոգիդ վիրաւորելու համար, կամայ թէ ակամայ: Ալ քեզի ու քու բախտիդ կը մնայ, թէ ինչպէ՛ս նուազագոյն վնասով դուրս պիտի գաս չարին հասցնելիք երեւելի եւ աներեւոյթ փորձանքներէն:

Ուրեմն, հանրակառքին մէջ ձեռքս Սիմոն Վրացեանի «Անկախ եւ միացեալ Հայաստան» գրքոյկը ունէի եւ անկախ ու միացեալ Հայաստանի մասին Վրացեանի գրած հետեւեալ տողերը կը կարդայի. «Եւ այս հիւանդոտ, հեղձուցիչ մթնոլորտին մէջ առաւելապէս հայ գիւղացիութիւնն ու աշակերտութիւնն էր արձագանգ տալիս ազդերին եւ շտապում դէպի ճակատ: Հիացումով պէտք է յիշել Գանձակի, Թիֆլիսի, Երեւանի եւ ուրիշ վայրերի հարիւրաւոր աշակերտներին, որոնք ամենատաժանելի պայմաններում եւ թանկագին զոհեր տալով` մասնակցեցին մեր հերոսամարտի ամենայուզիչ դրուագներին»:

Հոգեմտաւոր այս մթնոլորտին մէջ կը գտնուէի, երբ հանրակառքին վարորդին ետեւը հանգիստ նստած կնոջ խելքին ի՛նչ փչեց` չեմ գիտեր, տեղէն ելաւ, գնաց եկաւ, դիմացս գտնուող երկու ազատ շարքերէն երկրորդ շարքի ազատ աթոռին բազմեցաւ: Բարեբախտաբար ճիշդ դիմացիս շարքին վրայ ուրիշ լայնկեկ կին մը նստած էր:

Ականջիս հասաւ նիհար այդ աղուորիկ դէմքով կնոջը խօսակցութիւնը, սկիզբը մեղմ ձայնով, ու յետոյ հետզհետէ աւելի բարձրացող շեշտերով մէկը կ՛այպանէր: Կարծեցի, թէ ան ալ ամէն մարդու պէս իր աներեւոյթ հեռաձայնով մէկու մը հետ վէճի  բռնուած էր ու հեռուն նստած, ազատ համարձակ իր սիրտը կը պարպէր, բայց, ո՜վ զարմանք, զգացի, որ իր այդ խօսքերը իմ հասցէիս ուղղուած էին, եւ իր բովանդակ բարկութիւնը, անծանօթիս, իմ վրաս էր, որ կը պարպէր, սկսաւ ըսել, թէ ես գիրք կը կարդամ, ի՞նչ գիրք կը կարդամ, եւ հայհոյեց գիրքիս ա՛լ, գրողին ա՛լ, ու տակաւին, ամէն մեղքիս վրայ, անհաւատալիօրէն անվայել խօսքեր նետեց Աստուծոյ հասցէին:

Եկեղեցական ըլլալս յայտնող մասնաւոր յատկանշական նշան մը չկար վրաս, բայց զարմանալի է, որ յամենայն դէպս մարդիկ յաճախ կը հասկնան, որ ուրիշներէն տարբեր եմ, եւ առ այդ, կա՛մ յարգալից վերաբերում կը ցուցաբերեն, կա՛մ ալ ընդհակառակը` իրենց կեանքին բոլոր դժբախտութեանց պատճառը «երկինքը ապրող» զԱստուած կը նկատեն, ու փոխանակ իրենց բողոքը Աստուծոյ յայտնելու եւ այդ ձեւով իրենց փոթորկած հոգիները խաղաղեցնելու` կա՛մ իրենց մօտն ու դիմացը գտնուողին վրայ կը պարպեն իրենց զայրոյթը, կա՛մ ալ Աստուծոյ այսպէս կոչուած` ծառայողներուն վրայ:

Այս տեսակ բան մը անգամ մըն ալ պատահեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ սրահի մը մէջ նստած էին բազմատասնեակ մարդիկ. մարդ մը եկեղեցականի շապիկս հազիւ տեսած` օձիկս բռնեց ու ա՛լ չձգեց, կրօնիս ու Աստուծոյս մասին վատ բաներ ըսաւ: Այն ատեն, խնդիրը չբարդացած, բան մը չեղածի պէս տեղս փոխեցի ու հարցը լուծուեցաւ:

Հոս, այս հանրակառքին մէջ կնոջը ձայնը մտահոգիչ ըլլալու աստիճան կը բարձրանար, ու կը սկսէի լրջօրէն մտահոգուիլ, խորհիլ, թէ նստողներուն միտքէն հիմա ինչե՜ր պիտի անցնին, արդեօք ի՞նչ ըրած եմ այդ կնոջ, որ այդքան բարկացած` այսպէս վիրաւորական խօսքեր կ՛ըսէր իմ հասցէիս, եւ ես բերանս գոցած` լուռ ու մունջ նստած էի:

Այս միջոցին կը փորձէի գիրքիս վերադառնալ` կնոջ ուշադրութիւնը վրայէս շեղեցնելու համար, բայց անօգուտ: Նոյնիսկ կը պատրաստուէի հոս ալ տեղս փոխել, բայց մտածեցի, որ մարդիկ կասկածներ պիտի ունենան:

Չեմ գիտեր` ի՛նչ եղաւ ինծի, յանկարծ դէմքիս վրայ, այսպէս, ժպիտի նման բան մը գծեցի ու խաղաղ ու հանգիստ նայուածք մը նետեցի կնոջը երեսին:

Ո՜վ հրաշք, բորբոքած կինը անմիջապէս այլակերպեցաւ, ժպիտներ փոխադարձեց ինծի եւ ըսաւ, թէ ինք իսկապէս սրտանց ներողութիւն կը խնդրէ ինձմէ իր ըսած բոլոր չար խօսքերուն համար:

Այդ պահուն անհուն երախտագիտական զգացումս յայտնեցի Աստուծոյ, որ այս կնոջ հոգին, այսպէս, հրաշալի կերպով խաղաղեցուց:

– Կը ներէք,- ըսաւ,- մարդիկ շատ չարացած են ինծի հանդէպ, եւ ատոր համար զիս շատ ջղային ու գերզգայուն դարձուցած են, այն աստիճան, որ երբ մարդոց մէջ կը գտնուիմ, կը կարծեմ, թէ ամէն մարդ ինծի թշնամի է եւ ատոր համար է, որ ես սկսած եմ իրենց պէս յարձակողական ըլլալ, առանց մարդիկը ճանչնալու` վիրաւորական խօսքեր կ՛ըսեմ իրենց: Շատ կը խնդրեմ, որ  ներողամիտ ըլլաք: Դուք շատ բարի, լաւ մարդ մըն էք,- ու այսպէս մարդուս հոգին շոյող ու գգուող խօսքեր ըսելէ ետք, ոտքի ելաւ յաջորդ կանգառին իջնելու:

Այսպէս, վտանգաւոր փոթորիկէ մը ազատած, թեթեւցած ու խաղաղած մտքով ու հոգիով, լաւ զգացումներով մենք բարի օր մաղթեցինք իրարու:

Նիս, 22 օգոստոս, 2014

Share this Article
CATEGORIES