Կը Վերանորոգուի Մարութայ Սարի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին
Ներկայիս Թուրքիոյ մաս կազմող Սասնոյ Մարութայ (Մարաթուկ) լերան գագաթին գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքին համար Պոլիսէն մասնագէտներու յատուկ խումբ մը ժամանած է Սասուն:
Ըստ թրքական «Հապերքիթա» կայքին, Սասնոյ հայերու միութեան ջանքերով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ սկսած են վերանորոգման աշխատանքները: Սասնոյ հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը նշած է, թէ աշխատանքները կ՛իրականացուին ժամանակակից արհեստագիտութեամբ, իսկ եկեղեցւոյ ամբողջական վերականգնման աշխատանքները կրնան աւարտիլ 2015-ի յուլիսին:
CATEGORIES Հայ Դատ

