Սարոյեանի Անունով Փողոց` Պիթլիսի Մէջ

Պիթլիսի համաքաղաքապետներ Նեւին Տաղքինար եւ Հիւսէյն Օլան` «Կոմիտաս» հիմնարկի շնորհաւորագիրին հետ

Պիթլիսի համաքաղաքապետներ Նեւին Տաղքինար եւ Հիւսէյն Օլան` «Կոմիտաս» հիմնարկի շնորհաւորագիրին հետ

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ օգոստոս 8-ին Պիթլիսի քաղաքապետութիւնը որոշած է Ուիլիըմ Սարոյեանի անունով կոչել քաղաքին փողոցներէն մէկը` Սարոյեանի Պիթլիս այցելութեան յիսնամեակին առիթով:

Այս իրագործումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Պարզան Շերեֆհանօղլուն` թոռնիկը Սարոյեանի Պիթլիս այցելութեան օրերուն Պիթլիսի քաղաքապետին, որ իր կարգին Սարոյեանին ցուցաբերած յարգանքին համար հալածուած էր Անգարայի իշխանութեանց կողմէ:

Սարոյեանին անունով փողոցը կը գտնուի Պիթլիսի այն շրջանին մէջ, ուր ապրած են Սարոյեանները:

«Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան եւ Պիթլիսի համաքաղաքապետ Հիւսէյն Օլան

«Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան եւ Պիթլիսի համաքաղաքապետ Հիւսէյն Օլան

Այս առիթով, «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան շնորհաւորագիր մը յղած է Պիթլիսի համաքաղաքապետներ Նեւին Տաղքինարին եւ Հիւսէյն Օլանին:

Անուանակոչումը նաեւ պտուղներէն մէկն է այն համագործակցութեան, որ 2013-ին սկսած է «Կոմիտաս» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ` Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան, Պիթլիսի Իրաւաբանական միութեան եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին միջեւ, եւ որուն շնորհիւ Պիթլիսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ քանի մը ձեռնարկներ տեղի ունեցած են:

Share this Article
CATEGORIES