Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Քանատահայութեան Կայքէջը

0829GenocidecentennialՀայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Քանատայի մարմինի հանրային կապերու յանձնախումբը օգոստոս 15-ին հրապարակեց իր պաշտօնական կայքէջը:

Կայքէջին վրայ հանրութեան պիտի ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի մարմինի յառաջիկայ ծրագիրները, նախաձեռնութիւններն ու հրատարակութիւնները:

Կայքէջի տարբեր ենթաբաժիններուն մէջ կը բացատրուին` մարմինին առաքելութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան Քանատայի մէջ ճանաչումը, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը եւ առցանց նուիրատուութիւններու բաժինը: Անոնք, որոնք կը փափաքին նիւթապէս օժանդակել 100-ամեակի մարմինի գործունէութեան, փափաքելի է, որ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեն paypal-ի միջոցով:

Կայքէջի հասցէն է www.genocidecentennial.ca:

Share this Article
CATEGORIES