Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ` Լոս Անճելըսի Քոլեճներուն Մէջ

0822LACC1-300x200Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ չորեքշաբթի, օգոստոս 20-ին, Լոս Անճելըսի համայնքային քոլեճներու հոգաբարձութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ 2015-ի ապրիլ ամիսը կը հռչակէ «Լոս Անճելըսի համայնքային քոլեճներու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ամիս»:

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւումը ապահովէ արդար քայլերով, Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ երաշխաւորելով հայ զոհերու վնասուց հատուցումը:

Բանաձեւին շնորհիւ, Լոս Անճելըսի համայնքային 9 քոլեճներուն մէջ, 2015-ի ապրիլ ամսուան ընթացքին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան: Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցած են Լոս Անճելըսի համայնքային համալսարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ Սքաթ Սվոնքին, փոխատենապետ Սթիւ Վերես, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլըն Ասատրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պեքի Պէրպէրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Դալար Գոսագեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Շնորհակալ ենք Ամերիկա» արշաւի համաատենապետ Վանայ Կիտցինեան եւ Քալիֆորնիոյ համայնքային քոլեճներու հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ ու ներկայիս անոր անդամ Ալիս Պետրոսեան:

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի համայնքային քոլեճներու ցանցը իր տեսակին մէջ մեծագոյնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Բանաձեւի համահովանաւորողները եղած են հոգաբարձութեան փոխատենապետ Սթիւ Վերես եւ հոգաբարձութեան անդամ Միկել Սանթիակօ:

Բանաձեւը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ www.ancawr.org կայքին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES