Թուրքիա Կը Վերահաստատէ Հայաստանի Հետ Սահմանը Փակ Պահելու Մտադրութիւնը

0829TurkogluԹուրքիա պաշտօնական մակարդակով կը շարունակէ յայտարարել Հայաստանի հետ սահմանը բանալու մտադրութեան բացակայութեան մասին:

Արդարեւ, Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական Կիւրճան Թիւրքօղլու չորեքշաբթի, օգոստոս 13-ին, ազրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուամիջոցին յայտնած է, որ անհիմն են թրքական մամուլին մէջ շրջող այն լուրերը, թէ հայ-թրքական սահմանը սեպտեմբերին կրնայ բացուիլ:

«Այդ տեղեկատուութիւնը որեւէ հիմք չունի: Իկտիրէն մինչեւ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող Ալիճանի սահմանային անցակէտ տանող ճանապարհներու կուպրապատումը կը կատարուի ոչ թէ սահմանի բացման, այլ այդ շրջանի բնակիչներու տեղափոխութեան յարմար պայմաններ ստեղծելու համար», յայտարարած է Թիւրքօղլու:

Share this Article
CATEGORIES