Հայաստան Եւ Միջազգային Նոր Գրաւները

ՌՈՊԵՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ

«Ինթըրնեշընըլ Նիւ Եորք Թայմզ»-ի 2014 յուլիս 16-ի թիւին առաջին էջը կը գրաւեն Կազայէն հսկայ պատկեր մը եւ թերթին Երուսաղէմի, Պաղտատի եւ Քիեւի թղթակիցներուն երեք յօդուածները: Անոնց մէջ կը ներկայացուին Պաղեստինի, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմներուն վերջին իրադարձութիւնները: Նախապէս, «Ֆրանս-Էնթեր»-ի աշխարհաքաղաքական հարցերու սիւնակագիրն ալ հրաժեշտ առած էր իր ունկնդիրներուն` ըսելով որ օգոստոսի կէսերուն իր վերադարձին վստահաբար պիտի մեկնաբանէ նշեալ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած սահմանային շարժումները: Պատերազմական եւ մահաբեր այս իրադրութեան մէջ ֆրանսացիներն ալ կը մեկնին արձակուրդի` առանց շատ մտահոգուելու քաղաքացի հազարաւոր զոհերու ճակատագրով, որոնք թիրախ պիտի դառնան ռմբակոծումներու, կոյր ոճրափորձերու եւ կողմնակի այլ արկածներու: Զէնքի ու զինամթերքի առեւտուրը երբեք այսքան բարգաւաճ չէր եղած: Ռուսիա եւ Իսրայէլ անսանձ կերպով կը շարունակեն գերսպառազինել Ազրպէյճանը, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար ալ միլիառներու արժողութեամբ զինամթերք կը գնեն:

Ատոր մէկ մասը պիտի անցնի իսլամ ծայրայեղականներուն ձեռքը, ինչ որ պարագան եղաւ ֆրանսական եւ բրիտանական զինամթերքին` Լիպիոյ մէջ, Քազզաֆիի անկումէն ետք: Նկատի ունենալով Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմներուն կատարեալ ձախողութեամբ պսակումը անգլեւսաքսոններուն համար, նախագահ Օպամա ընտրեց Ճորճ Պուշէն տարբեր ուղեգիծ մը: Որոշեց կեդրոնանալ տնտեսական, ելեւմտական եւ արդի արհեստագիտութիւններու ճակատներուն վրայ: Ատոր համար ան կը կիրարկէ 26 դար առաջ չին ռազմավար Սուն Ցէի սկզբունքը, որ յիշուած է անոր «Պատերազմի արուեստը» գործին մէջ. «Պատերազմի արուեստին գագաթնակէտը թշնամին ենթակայ դարձնելը չէ. այդ արուեստին գագաթնակէտը առանց ոչ իսկ կաթիլ մը արիւն թափելու թշնամին ենթակայ դարձնելն է»: Միջամտութեան սպառնալիքները, լծորդուած տնտեսական պատիժներով, որոնց ձեռնարկած է, առնուազն թոյլ տուին խուսափիլ զինուորական միջամտութիւն կատարելէ Իրանի, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ, նաեւ նոր զոհեր եւ աւերներ գումարելէ` արդէն գոյութիւն ունեցող քաոսային այս պայմաններուն մէջ: Իրան այսօր բանակցութիւններ կը վարէ հիւլէական հարցին շուրջ, Սուրիա լքեց քիմիական իր զէնքերը, եւ Ռուսիա իր կիրքերը սահմանափակեց Խրիմով: Բրիտանական խորհրդարանն ալ աւելի զուսպ գտնուեցաւ, քան անցեալին` Թոնի Պլեր եւ այսօր` ալ Լորան Ֆապիուս:

Այս մահաբեր իրադրութեան մէջ, որ պիտի առաջնորդէ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի պայթումին, ինչպէ՞ս Հայաստանը զերծ պահել եւ օգնել անոր, որպէսզի կարենայ իրեն բաժին հանել տնտեսական ճակատներու եւ ուժերու այս մրցակցութենէն: Հոս ես պիտի համարձակիմ կատարել երեք թելադրութիւններ. նախ եւ առաջ` նուազ հակազդել թուրք դրացիներու ճնշումներուն եւ նուազ զբաղիլ անոնցմով, ինչպէս նաեւ` Ասթանայի մէջ Հայաստանին ուղղուած նկատողութիւններով (Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի ընդգրկումին մասին` առանց Արցախի): Ապա` փորձել աւելի կեդրոնական դեր մը խաղալ փոխանակումներու համաշխարհային նոր ցանցին մէջ: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ իր սփիւռքը արժէքաւոր խաղաքարտեր դարձած են` կարենալու համար դուրս ելլել լուսանցքային այն դիրքէն, ուր կը փորձեն զայն տեղաւորել, եւ տեղ գրաւելու` Հիւսիս-Հարաւ եւ Արեւելք-Արեւմուտք առանցքներուն կեդրոնը (ինչպէս արդէն թելադրեցինք դէպի Իրան բացուելու մասին մեր յօդուածին մէջ): Հուսկ, համախմբել հայկական բոլոր ուժերը, որոնք գոյութիւն ունին ընկերային եւ քաղաքական շարժումներուն, քննադատ մտաւորականութեան խորհրդածութիւններուն եւ երիտասարդութեան մէջ: Հայաստան նոր աշխարհահայեացքի մը որդեգրումով, «կեդրոնական» դեր խաղալով` կրնայ բազմապատկել իր ազդեցութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES