Տեսակէտ. Հայրենադարձութեան Զանգը Հնչած Է

ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Մարտ 2011-ին սկսած «Արաբական գարուն»-ը աշխարհաքաղաքական հսկայական ծրագրի մը մէկ նոր փուլն էր, որ ի գործ դրուած է արեւմտեան քաղաքական ուժերու կողմէ, միջազգային նոր համակարգ ստեղծելու նպատակով:

«Արաբական գարուն»-ի այս նոր փուլին արդէն նախորդած էին տարբեր փուլեր, որոնք սկսան արեւմտեան բանակներու Աֆղանիստան ներխուժումով, ապա` Իրաքի գրաւումով, հասնելու համար «Արաբական գարուն»-ին:

Ուժանիւթի աղբիւրներու տիրապետման, արտահանման եւ փոխադրութեան տնտեսական եւ քաղաքական հսկայական ծրագիր մըն է «Արաբական գարուն»-ը, որ կ՛ուրուագծուի մեր դիմաց: Երկարաժամկէտ ծրագիր մը, որ նկատի ունի ոչ թէ գալիք տասնամեակները, այլ` յիսնամեակներն ու հարիւրամեակները:

Ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ այլ լոզունգներ, որոնք բարձրացան «Արաբական գարուն»-ին առիթով, ոչինչ էին, բացի գեղեցիկ եւ խաբուսիկ շղարշէ, որուն ետին թաքնուած էին գերպետական ուժերու դաւադիր ծրագիրները:

Ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքին, ապա այս ծրագիրը ի մտի ունի շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող ազգային պետութիւնները վերածել կրօնական պետութիւններու` սահմաններու նոր դասաւորումներով, որոնք կը ծառայեն Արեւմուտքի տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Իսրայէլի գոյութիւնը եւ անոր հրէական պետութիւն մը  արդարացնելու միտումը: Ենթադրեալ իսլամական կրօնական այս նոր պետութիւնները դաւանական մնայուն հակամարտութեան մէջ պիտի մնան շրջանին մէջ այլ կրօնական պետութեան մը հետ, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն է:

Մէկ կողմէ Թուրքիան, միւս կողմէ` Սէուտական Արաբիան մրցակցութեան մէջ են հովանաւորողի դեր կատարելու կրօնական այս նոր պետութիւններուն, որոնք սկսան ուրուագծուիլ շրջանին մէջ: Առաջինը Իսլամ եղբայրներու շունչով, իսկ երկրորդը` ուահապականութեան երանգով: Ամէն պարագայի, իսլամական շարիայի գաղափարախօսութիւնն է, որ տարբեր աղանդներու երանգաւորումով խորքը կը կազմէ այս նոր իսլամական պետութիւններու ընկերային յարաբերութիւններուն (կամ` սահմանադրութեան):

Քրիստոնէութեան եւ փոքրամասնութիւններու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ խոչընդոտ մըն է այս ծրագրի իրագործման, որովհետեւ Արեւելքի քրիստոնէութիւնը միշտ ջահակիրը եւ մղիչ ուժը եղած է արաբ ազգայնական գաղափարախօսութեան, իսկ Արեւմուտքի կողմէն այժմու պահանջուածը կրօնական գաղափարախօսութիւնն է եւ ոչ թէ` ազգայնականը:

Տեսանք, թէ ինչպէ՛ս ակնթարթի մը մէջ Իրաքը պարպուեցաւ քրիստոնեայ տարրէն: Հազարամեակներու արմատ ունեցող այս քրիստոնէութիւնը արմատախիլ եղաւ իր բնօրրանէն, իսկ Սուրիոյ եւ Լիբանանի քրիստոնէութիւնը ամէն օր կը նօսրանայ զգալով վտանգը, որ կը սպառնայ իրեն: Ջարդերը, տեղահանութիւնը, վայրագ եւ անմարդկային արարքները, որոնք ի գործ կը դրուին իսլամականներու կողմէ, որոնք կը վայելեն Արեւմուտքի թաքուն հովանաւորութիւնը, ի մտի ունին յառաջացնել ահի ու սարսափի մթնոլորտ մը, որ պիտի նպաստէ Արեւմուտքին` այս ծրագրի իրագործման արագացման:

Ճիշդ այս շրջագծին մէջ պէտք է դիտել Ֆրանսայի իշխանութիւններուն այն յայտարարութիւնը, թէ Ֆրանսա պատրաստ է իր հողերուն վրայ ընդունելու Իրաքի հալածուած քրիստոնէութիւնը, այսինքն Արեւմուտքի ծրագիրը Արեւելքի քրիստոնէութիւնը Արեւելքի մէջ պահելը չէ, այլ անոնց տեղահանումը` դէպի եւրոպական երկիրներ, ուր անոնք իսլամական տարրի աճին հետ կապուած մեծ հարցեր ունին: Արեւելքի քրիստոնեաներուն Եւրոպա տեղափոխելը համեմատաբար պիտի նպաստէ եւրոպական երկիրներուն մէջ ժողովրդագրական փոփոխութեան մը, որուն կարիքը ունին անոնք:

Եւ այս փոթորիկին մէջ իր գոյատեւման համար կը պայքարին հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ, եւ յատկապէս` Սուրիոյ:

Ճիշդ է, որ Միջին Արեւելքի թէ աշխարհի մէջ քաղաքական այլ ուժեր ոգի ի բռին կը պայքարին Արեւմուտքի վերոյիշեալ ծրագրին դէմ, սակայն Արեւմուտքի յամառ յարատեւութիւնը իր ռազմավարութեան մէջ` պիտի երկարաձգէ այս հակամարտութիւնը, որուն թոհուբոհին մէջ հայկական գաղութները կրնան չդիմանալ:

Հայ քաղաքական միտքը ցարդ չէ կրցած ընկալել աշխարհաքաղաքական այս մեծ իրադարձութիւնը, որ կը կատարուի Արեւելքի մէջ եւ կամ, ընկալելով հանդերձ, խուսափած է պատասխանատուութիւն վերցնելէ, եւ ճիշդ այս պատճառով հայութեան կողմէ ցարդ առնուած քայլերը ուղղուած Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ հայութեան` համեստ եւ տարտամ քայլեր են, շա՜տ հեռու տեղի ունեցող վիթխարի իրադարձութիւններու տարողութենէն:

Տեղ մը պատասխանատու եւ ղեկավար շրջանակներէ կը լսենք լաւատես եւ ոգեւորիչ արտայայտութիւններ, ուրիշ տեղ մը` յոռետես եւ այպանողական մտքեր, եւ դեռ չհաշուենք կարգ մը հեղինակաւոր պատասխանատուներու կողմէ ի նպաստ սուրիահայ գաղութին գործ ընելու խաբուսիկ եւ ուռճացած հաղորդակցութիւններն ու տեղեկագրերը:

Պահանջուածը Միջին Արեւելքի հայութեան հայրենադարձութեան ծրագիրն է, որ արդէն ազգովին ուշացած ենք մշակելու եւ գործադրելու` այս ուղղութեամբ քաղաքական կամքի բացակայութեան պատճառով:

Շատեր կրնան մտահոգութիւն ունենալ սուրիահայ գաղութը պարպուելու եւ հոն գործող հաստատութիւններուն եւ կալուածներուն մասին: Կը կարծենք, թէ անպայման կը մնայ հայ գաղութ, Սուրիոյ մէջ, այնքան որ ամուր են արմատները սուրիահայ, մանաւանդ հալէպահայ գաղութին, ինչպէս որ կայ այսօր հայ գաղութ Պոլսոյ մէջ` հակառակ գործուած Ցեղասպանութեան եւ զանազան ճնշումներուն:

Միջին Արեւելքի հայութեան հայրենադարձութիւնը նոր որակ պիտի բերէ հայրենական կեանքին: Այս կազմակերպուած գաղութներու հայութիւնը պիտի նպաստէ հայրենիքի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական յառաջխաղացքին` հակառակ անհեռատես եւ նեղ շահերէ մղուած հնչող շատ մը տեսակէտներու, թէ Հայաստանը ի վիճակի չէ ընդունելու Միջին Արեւելքի հայութիւնը: Միտքեր, որոնք շատ հեռու են գիտական եւ ազգային մօտեցումներէ եւ չեն համապատասխաներ հայրենիքի եւ հայ ազգի իսկական շահերուն:

Հայրենադարձութեան ծրագիրը կ՛ենթադրէ ազգային մտածողութեամբ գիտական մօտեցում, որուն նախաձեռնողը պիտի ըլլան հայրենի պետականութիւնը, հայկական մեծ կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցական կեդրոնները:

Պահանջուածը սուրիահայութեան ի նպաստ ցուցադրական, բեմականացուած, զանազան վերնագրեր կրող համահայկական հաւաքներ չեն, այլ լուրջ աշխատանք` որոշումներ կայացնելու եւ գործադրելու նպատակով:

Ծրագրի իրագործման փուլերուն մէջ չէ բացառուած միջազգային կողմերու եւ այլ պետութիւններու ներդրումը, սակայն վերջին հաշուով նպաստաւորուողները պիտի ըլլան հայ ազգն ու Հայաստանը:

Միջին Արեւելքէն դուրս եկած հայութիւնը պէտք է արմատաւորուի իր հայրենիքին` Հայաստանի մէջ եւ պէտք չէ փոշիանայ Արեւմուտքի ոստաններուն մէջ: Ազգովին ստանձնենք այս յանձնառութիւնը:

———————

 

Յ. Գ.- Այսօրուան տուեալներով, սուրիահայ գաղութը կորսնցուցած է 2011-ի իր թիւին կէսէն աւելին:

Հայաթափուած են Ռաքքան, Թել Ապիատը, Տէր Զօրը, Ռաս Ուլ Այնը, Եագուպիէն, Ղընեմիէն:

Նահատակուեցաւ 99 հայ, վիրաւորուեցաւ` 300, առեւանգուեցաւ` 106, առեւանգուած կը մնայ 6 հայ: Քանդուեցան աւելի քան 1700 հայու բնակարաններ, կործանեցան եւ կողոպտուեցան հայերու պատկանող աւելի քան 1000 խանութ, գործատեղի, գործարան:

Հալէպահայութեան սիրտը հանդիսացող Նոր Գիւղ թաղամասը կը շարունակէ մնալ աղէտեալ գօտի:

Քեսապի ոդիսականը ծանօթ է բոլորիս:

Սկսած է մեծնալ Սուրիոյ ծովեզերեայ քաղաքներուն հայ բնակչութեան թիւը:

Մեծ թիւով սուրիահայեր ապաստանած են Լիբանան, անոնց մեծ մասը կը դիմագրաւէ տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ, յոյսը կապած է Լիբանանէն անցնելու արեւմտեան երկիրներ, կամ Սուրիոյ վիճակը լաւանալու պարագային, կ՛ուզեն վերադառնալ Սուրիա:

Մեծ թիւով սուրիահայեր կը գտնուին Հայաստան, որոնցմէ փոքր տոկոս մը կրցած է հաստատուիլ, մեծ մասը, սակայն, անկայուն վիճակի մէջ է եւ կը ձգտի փոխադրուիլ արեւմտեան երկիրներ, շատեր արդէն տեղափոխուած են Եւրոպա:

Յատկապէս Հալէպ մնացած հայութիւնը կը դիմագրաւէ շատ ծանր ապահովական, կենցաղային եւ տնտեսական դժուարութիւններ:

Եւ ողբերգութիւնը կը շարունակուի:

Ն. Ս.

Share this Article
CATEGORIES