Տուկլաս Միացաւ Պարսելոնայի

0827_douglasՊարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը համաձայն գտնուեցաւ իր կազմին միացնելու Սան Փաուլոյի յետսապահ Տուկլաս Փերէյրան` անոր փոխանցման համար վճարելով 4 միլիոն եւրօ:

Անոր փոխանցման գումարը 1,5 միլիոն եւրոյով պիտի աւելնայ, նայած, թէ 24 տարեկան աջ կողմի յետսապահը իր կազմին հետ քանի՛ մրցումի պիտի մասնակցի:

Քաթալոնական ակումբը յայտնեց, որ ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ այս շաբաթավերջին` բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք:

Share this Article
CATEGORIES