Մտորումներ Տարբեր Ճամբաներու Վրայ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Կրկին անհրեշտակ երկրի «հրեշտակատեսիլ» մարդոց երկիրը կը գտնուիմ կամքէս անկախ, ընտանեկան պարտաւորութեանց պատճառով…

Փոքրիկ աւազանին ջուրը հաճելիօրէն կը լիցքաթափէ, հանգիստի վիճակ է, բուժող: Ցերեկուան արեւադարձային բարկ արեւէն ետք ամէն բան կանգ առած կը թուի ըլլալ` հանգիստ անշարժութեան մէջ… ծփանքը կ’երթայ, կու գայ, կը հանգչի հոգիին եզերքներուն վրայ, իսկ դէմս նստող հեզահամբոյր ամերիկացիին ես ինչպէ՞ս հասկցնեմ, թէ մայրս, եղբայրս, քրոջս ընտանիքը, հայրենակիցներս անապահով վիճակի մէջ են: Հալէպի մէջ կենաց մահու պայքար կը մղեն, իրենց տարտամ նայուածքով, անյատակ աւազանին մէջ, լողալ չգիտցող, ջուրին մէջ պարտադրաբար նետուելու պատրաստ, տարեցներու նման, ամէն վայրկեան խեղդամահ ըլլալու վախով սահմռկած են:

Պահ մը գլխուս վրայ հեշտագին զեփիւռով օրօրուող բարտին կ՛անդրադարձնէ` Աստուածածնայ երկուշաբթի է, մեռելոց օր: Զիս հովող այս բարտիին նմանակը հիմա «հոն»` հօրաքրոջս ամուսնոյն գերեզմանին վրայ կը հսկէ: Երկու տարի առաջ էր, բարտին նշանակած էի հանգուցեալին նոր տունը դիւրութեամբ գտնելու համար: Մեռելներու այդ թաղամասին մէջ ոչ միայն քանի մը ծանօթ հանգուցեալներ ունէինք, այլ` ամբողջ ազգատոհմ մը:

Հիմա իմ ալ առանձնութիւնս այդ անդենական քաղաքի բնակիչներուն առանձնութիւնը կը յիշեցնէ: Ես քալելու կարողութիւնը ունիմ, բայց դրացիներ չունիմ, իսկ անոնք հայ եւ իրարու բարեկամ դրկիցներ են, անդենականի մուտքին, նոյն պայմաններով իրարու նման, կը սպասեն… քալելու եւ զիրար այցելելու անկարող են: Ահաւասիկ` մեր միջեւ եղած տարբերութիւնը:

Մեր պապիկներուն նշխարները գերութեան մէջ են այժմ, անոնք չեն կրնար փախչիլ պատերազմէն, ռումբերէն: Ինչպէս որ իրենց նախորդներուն աճիւնները մնացին Արեւմտահայաստանի գերեվարուած վայրերուն մէջ, դատապարտուած են անհետ կորստեան: Ոչ միայն մարդկային աճիւններ, այլ նաեւ` եկեղեցիներ, կոթողներ, անմարդաբնակ, ամայացած գիւղեր, որոնցմէ մաս մըն ալ դատապարտուած է ամբարտակներու տակ ջրահեղձ դառնալու, անհետ կորսուելու:

Անմարդաբնակ գերեզմանաքաղաքներուն վրայ սաւառնող մարդոց հոգիները ո՞ւր են, կարողութիւն ունի՞ն գոհութիւն, փառաբանութիւն մրմնջելու, իրենց ունեցած նեղլիկ վանդակներէն, թէ մեզի` ողջերուս վերապահած են այդ բոլորը:

Անոնք` աճիւնները, ամէն պարագայի, երկրային վանդակներու մէջ պիտի մնային: Ուրեմն ֆիզիքական ամէն կապուածութիւն, վաղ թէ ուշ, դատապարտուած է ուծացման եւ անշարժութեան. իսկ հոգիի գոյատեւութեան մասին փաստացի ապացոյցներէ աւելի ներքին զգացողութիւնն ու համոզուածութիւնը, անձայնօրէն ըսելիք շատ բաներ ունին տակաւին…

«Եղբայրք մերոց գերելոց» պատարագէն հատուած մը կը սաւառնի պաղ ջուրի մակերեսին, շշուկներով պատգամ մը փոխանցելու… մեռած անշունչ աճիւններու մասին պէտք չէ մտահոգուիլ, որոնց հոգին ազատ կը ճախրէ… կենդանի գերիներ որոնելու ժամանակը հասած է… ֆիզիքական եւ հոգեւոր գերիներ…

***

Հայաստան ծնած, Միացեալ Նահանգներ գաղթած, հայրենադարձ ծնողներու զաւակ, եօթանասունի դռներուն հասած պրն. Ներսէսը, իջեւանատան սենեակիս շեմին, ինքզինք ծանօթացնելէ անմիջապէս ետք, զիս հունէ կը հանէ` անընդհատ կրկնելով. «Ծնողներս Ուրֆա ծնած են, Մեսրոպ Մաշտոցը երանի ստեղծած չըլլար այդ այբուբենը… ի՞նչ հայ, կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ ազգութեան կը պատկանիս, կարեւորը ուրախ կեանք ապրիլն է»: Ամէն անգամ, երբ կ’անդրադարձնեմ իրեն, թէ մեր յաջորդ սերունդը դատապարտուած է ուծացման, նոյն այս պատասխանով կ’ուզէ ջղագրգռել զիս. բայց չէ՞ որ դրացի է, այն ալ` հայ, գտնուած այս վայրիս մէջ դժուար գտանելի շունչ… միսը ոսկորէն չես կրնար բաժնել:

Լիբանանցի ուսանող տղոց հետ միասին դրան առջեւ նստած Ներսէսը շաբաթավերջին կը զրուցէ երկար-երկար… Ան անջատ կ’ապրի իր ընտանիքէն: Հայու հիւրասիրութեան մասին նիւթ կը բացուի: Նկատի ունենալով, որ Հայաստան, Լիբանան եւ Սուրիա ծնած երեք տարատեսակներ կը կազմենք տուեալ պահուն, կարծիքներ կը փոխանակենք, վերջաւորութեան կը յաղթանակէ այն կարծիքը, թէ հայաստանցիին հիւրասիրութեան հետ ոչ ոք կրնայ մրցիլ…

Հոնկ Քոնկ ծնած վաթսունհինգամեայ Ռուպի Լին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնի գեղանկարչուհի է, այնպիսի քնքշանքով կը փորձէ մօտենալ… Ռուպին միայնակ կին է, Սան Ֆրանսիսքոյէն Լոս Անճելըս եկած է ֆիլմարուեստի դասերու հետեւելու համար: Ռուպին իր լոնտոնեան անգլերէնով կը փորձէ ինծի բացատրել իրենց առաւօտեան անցուցած դասերը, շեշտը կը դնէ դրական լաւատեսութեան վրայ: Խորհուրդ կու տայ տարբեր տեսանկիւնէ դիտել ամէն բան: «Եթէ սուրիական պատերազմին պատճառով թափառական ես,- կ՛ըսէ, – հոգ չէ, մենք բոլորս ալ ի վերջոյ անտունիներ ենք: Օրինակ, ես այս գիշեր ինքնաշարժիս մէջ պէտք է գիշերեմ, քանի որ պանդոկի բոլոր տեղերը զբաղած են, միայն վաղը գիշեր կրնամ վերադառնալ»:

Կը մտածեմ, որ ես ալ առանձին եմ սենեակը, ընտանիքի անդամներս` ճամբորդած, արդեօք զինք հրաւիրե՞մ մօտս գիշերելու… ետքը կ’անդրադառնամ, թէ զինք բաւարարաչափ չեմ ճանչնար. այնպէս որ, միայն տաք հագուստ կ՛առաջարկեմ ինքնաշարժին մէջ գիշերելու համար: Կը մերժէ` ըսելով, թէ հագուելիք ունի: Կ’ամչնամ քրիստոնեայ ըլլալուս… փողոցը մնացած դրացիիս ոչ մէկ ձեւով օգտակար ըլլալուս համար, մինչ մէկ վայրկեան առաջ կը հարցնէի իր կրօնին մասին, գիտէի, թէ քաղաքավարութեան ցուցանիշ չէր տուած հարցումս: Ռուպին իր ընկերական քանի մը նիստերով, միջնադարու տերվիշի կամ առաքեալի տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս: Քիչ մը քրիստոնեայ եմ, քիչ մըն ալ պուտտայական` կ՛ըսէր… բայց ես իր մէջ այս երկուքէն ալ վեր բան մը նկատած էի` իսկական հաւատացեալ քրիստոնեայի կեցուածք…

Ռուպին այնքա՜ն խոր ազդեցութիւն կը ձգէ վրաս, ոչ միայն արտասանած բառերով, այլ` ժպտադէմ բարի դիմագիծերով, ազնիւ հոգուով: Բջիջայինի պաստառին վրայ ցոյց կու տայ իր գեղանկարները, որոնք ժապաւէնի մը պատկերները պիտի ըլլային, եւ որոնց մէջ կը ցոլային` արեւ, մանկութիւն, կարօտ, կամք եւ լաւատեսութիւն` իրենց վերացական տարբերակներով…

Ռուպի Լին կ’ըսէ` Էպիկուրէն օրինակ մը բերելով. «Չ՛արժեր վախնալ մահէն, ապրէ խաղաղ. երբ կ՛ապրինք, մահը գոյութիւն չունի, իսկ երբ մենք չկանք, մահը չկայ…»: Ի վերջոյ ցտեսութիւն կ՛ըսեմ, մինչ ինք ինծի համար տունդարձ կը մաղթէ, դէպի Սուրիա, ինչ որ օրհնութեան պէս կը հնչէ ականջներուս:

Ա՜խ, ինչպէս բացատրեմ սա ամերիկացիներուն, թէ իրենք են բուն պատճառը Սուրիոյ կործանման, բնիկ ամերիկացիները ապուշներու պէս, զարմանքով պատահածներուն համար` օ՜, օ՜, օ՜ կը բացագանչեն: Ոչ նախանձելի անգլերէնով մը կը փորձեմ հասկցնել ամերիկացի դրկիցներուս, թէ իրենց պետութիւնն էր սկիզբէն այս եղելութիւնները հրահրողն ու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն մատակարարողը, սուրիական պետութեան հակառակորդ` «ազատ» բանակին զէնք եւ օգնութիւն ղրկելով, մինչեւ սուրիական բանակին եւ պետութեան արիւնաքամ դառնալը, ընդ որում նաեւ` Սուրիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներն ու հայերը… Հիմա նոր կը հասկնան, թէ անուղղակիօրէն որո՛նց օժանդակած եւ զօրացուցած են` իսլամ ծայրայեղականներուն բացառիկ դաշտ մը պատրաստելով: Ծրագրած էին Սուրիան ահաբեկիչներուն հանգրուանն ու գերեզմանը դարձնել, ինչպէս կազմակերպուած էր Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ: Չարիքը աճեցուելով` այժմ ոչ միայն իրենց երկիրը կրկին վտանգի սպառնալիքի տակ է, այլ` ամբողջ երկրագունդը…

Այս խոհերով կը դեգերիմ հետիոտն, անհրեշտակ երկրի արուարձաններէն մէկուն մէջ, մինչ ծանօթ բարեկամ մը ցոյց կու տայ իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ գլխատումը ամերիկացի լրագրողին, «որ մարդասիրական օգնութեամբ մուտք գործած էր Կազա»…

Այս մէկը, ըստ երեւոյթին, ազդանշան մը կ’ըլլայ, որ Միացեալ Նահանգներ ոտքի կանգնին, իրենց աչքերը բանան` վտանգի լրջութիւնը շօշափելու համար…

Սնուցուած հրէշը, որուն համար մարտի հրապարակ պատրաստուած էր, շատերը լափելէ ետք, այժմ կը սպառնար յօշոտել իր բոլոր հակառակորդները…

Ո՞վ է մեղաւոր…

Գազանը իր գազանութիւնը բոլորին համար կ’ընէ, բայց իմ Սուրիա ծնած ըլլալս ինչո՞ւ կը սարսափեցնէ ընդունարանի սա ամերիկացին, որ մնացած պանդոկիս նախաշեմին անգամ մը եւս կ’ուզէ ստուգել ինքնութիւնս: Կը փորձէ սպառազինուիլ, երբ ամերիկեան անցագրիս մէջ կը նկատէ ծննդավայրիս անունը… տուեալներս մէկիկ-մէկիկ կը ստուգէ, որոնց մէջ բացի ազգանունէս, ոչ մէկ ցուցանիշ կայ հայ կամ քրիստոնեայ ըլլալուս:

Մեր ցաւը կ’աճի, կ’ուռճանայ… Իրաքի քրիստոնեաներու տեղահանութիւնը տարբեր ձեւով կը ցնցէ բոլորս, ահազանգ կը հնչեցնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն: Անոնց հալածական փոխադրութիւնը տեղէ տեղ, խոշտանգումները, եզիտիներու ջարդն ու աքսորը կը ցնցէ սուրիահայերս…

Իսկապէս, սատանան ազա՞տ արձակուած է երկրի վրայ…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES