ՏԱՀԵՇ Քարիւղի Վաճառքէն Օրական Երեք Միլիոն Տոլար Շահ Կ՛ապահովէ

0828_Oil«Gazeta.ru» կը գրէ, որ ՏԱՀԵՇ «սեւ շուկաներուն մէջ» քարիւղ վաճառելով օրական երեք միլիոն տոլարի շահ կ՛ապահովէ:

Վերջին ամիսներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները յաջողած են գրաւել քանի մը քարիւղի հանքեր Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին: Վերլուծաբանները կը պնդեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցիչները հում քարիւղը կը վաճառեն միջազգային արժէքէն շուրջ երկու անգամ ցած գինով:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը զգուշացուցած է պետութիւնները ահաբեկչական սոյն խմբաւորումին հետ քարիւղի առեւտուրով զբաղելէ: Բացի ատկէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը սպառնացած է պատժամիջոցներ կիրարկել այն երկիրներուն դէմ, որոնք ներքաշուած են այդ առեւտուրին մէջ:

«Այժմ Իսլամական պետութիւնը կը փորձէ ձեւաւորել ինքնաբաւ պետութիւն ու դրամագլուխ, եւ քարիւղի արդիւնահանումը այդ նպատակին հասնելու ճամբուն մէկ մասը կը կազմէ», նշած է փորձագէտներէն մէկը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը գրաւած է Իրաքի հետ սահմանին վրայ Սուրիոյ քարիւղի մեծագոյն հանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES