Հոլլանտ. «Ասատ Ահաբեկչութեան Դաշնակիցն Է Եւ Չի Կրնար Անոր Դէմ Պատերազմին Մէջ Գործընկեր Ըլլալ»

Ֆրանսուա Հոլլանտ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող իսլամականներուն դէմ պայքարին մէջ Արեւմուտքի գործընկերը ըլլալ:
Հոլլանտ ֆրանսացի դեսպաններու հետ ունեցած տարեկան հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է. «Անհրաժեշտ է լայն դաշինք, սակայն պէտք է յստակացնել որոշ հարցեր. Պաշշար Ասատ չի կրնար ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Արեւմուտքին գործընկերը ըլլալ: Ան ժիհատականներու առարկայական դաշնակից է: Անոնք փոխադարձաբար իրարու կ՛աջակցին»:
Սուրիոյ Կառավարութեան Նոր Կազմին Մէջ
Հայ Նախարար
«Ինթըրֆաքս»` յղում կատարելով ՍԱՆԱ-ին, կը հաղորդէ, որ Ասատ կառավարութեան նոր կազմի վերաբերեալ հրամանագիր ստորագրած է: Վարչապետի պաշտօնը դարձեալ կը վարէ Ուաէլ Հալքի, արտաքին գործոց նախարարինը` Ուալիտ Մոալլեմ, պաշտպանութեան նախարարինը` Ֆահտ Ժրէյժ, ներքին գործոց նախարարինը` Մոհամետ Իպրահիմ Շաար: Չեն փոխուած նաեւ արդարադատութեան, կրօնական հարցերու եւ տեղեկատուութեան նախարարները:
Միեւնոյն ժամանակ Ասատ նշանակած է 11 նոր նախարար, ներառեալ` արտաքին առեւտուրի, ջրային հարստութեանց, փոխադրամիջոցներու, շինարարութեան, տնտեսութեան, հեռահաղորդակցութեան եւ առողջապահութեան նախարարները:
Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բնապահպանութեան նախարար նշանակուած է հայազգի Նազիրա Սարգիս:

