Ըստ Հարցախոյզի Մը. Ռուսիոյ Բնակչութիւնը Կը Զգայ Պատժամիջոցներու Ազդեցութիւնը

0828_Russians«Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ «Լեւատա-կեդրոն»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Ռուսիոյ բնակչութիւնը կը զգայ պատժամիջոցներու ազդեցութիւնը:

Սակայն, ըստ տուեալներուն, Ռուսիոյ մեկուսացումը կը մտահոգէ քաղաքացիներուն 22 առ հարիւրը, այս խնդիրը ընդհանրապէս չի մտահոգեր քաղաքացիներուն 65 առ հարիւրը:

Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի սահմանած պատժամիջոցները կը մտահոգեն բնակչութեան 32 առ հարիւրը, հակառակ կարծիքին է` 66 առ հարիւրը:

Ռուսիոյ պատասխան պատժամիջոցներուն` շարք մը երկիրներէ ապրանքներու ներածման արգելքին հաւանութիւն տուած է քաղաքացիներուն 78 առ հարիւրը, հակառակ անոր որ հարցախոյզին մասնակիցներուն 76 առ հարիւրը խոստովանած է, որ արդէն կամ ապագային կ՛ակնկալեն իրենք զիրենք գտնել գնաճի դէմ յանդիման:

 

Share this Article
CATEGORIES