Իմամ Մուսա Սատըրին Անհետացման 36-Ամեակին Առիթով. Միացեալ Բովանդակութեամբ Լրատուութիւն` Լիբանանեան Բոլոր Կայաններէն

0828Imam-Mousa-Sadr1«Ամալ» շարժումի հիմնադիր, շիի կրօնաւոր Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներ շէյխ Մոհամետ Եագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտացման 36-ամեակին առիթով յատուկ ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ կը կազմակերպուին` ոգեկոչելու շիի ղեկավարին եւ անոր ընկերակիցներու յիշատակը: «Միիարժը մեր պատգամն է» կարգախօսով յատկանշուող այս ձեռնարկները կը հովանաւորէ «Ամալ» շարժումի ղեկավար, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ այս առիթով պատկերասփռուած յատուկ պատգամ մը պիտի ուղղէ:

Նմանապէս Կազայի դէպքերուն զօրակցութեան օրինակով, նոյն բովանդակութիւնը կրող միացեալ լրատուութիւն պիտի հաղորդուի այս կիրակի, 31 օգոստոսի երեկոյեան ժամը ութի լուրերու ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES