Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Նոյեմբերի Կիսո՞ւն
Ներքին գործոց նախարար Նոհատ Մաշնուք երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, ըստ որուն լիբանանեան խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 16 նոյեմբերին: Առ այդ, թեկնածուները պարտին իրենց դիմումները ներկայացնել նախքան 16 սեպտեմբերի գիշերը: Իսկ դիմումը յետս կոչելու պայմանաժամը կ՛աւարտի 1 հոկտեմբեր 2014-ի կէս գիշերին:
Մաշնուշ շրջաբերականը հրապարակած է հիմնուելով լիբանանեան սահմանադրութեան թիւ 8, 47, 49, 52 եւ 55 յօդուածներուն եւ կառավարութեան 25/2008 թուակիր օրինագիծի տրամադրութեանց վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

