«Լիբանանի Համար Կարեւորագոյն Նուիրատուութիւնը Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորումի Կասեցումն Է» Ըսաւ Սուրիոյ Դեսպանը

0828Amb.SyriaԼիբանան չի կրնար մինակը դիմագրաւել ՏԱՀԵՇ-ի այժմու տագնապը յայտարարեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի` կոչ ուղղելով ապահովական ու քաղաքական ճիգերու համակարգումի:

Սուրիոյ դեսպանը «Ախպար» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութեամբ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններու հանդիպում մը` «Ներկայ տագնապները դիմագրաւելու ճամբու քարտէս մը կազմելու համար: Դեսպան Ալի մեծ յոյս չտածեց Լիբանանին, յատկապէս բանակին համար կատարուող արտաքին օժանդակութեանց եւ նուիրատուութիւններուն` ընդգծելով, որ «կարեւորագոյն նուէրը ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի կասեցումն է»:

Share this Article
CATEGORIES