Ամին Ժեմայէլ Այցելեց Նորընտիր Միւֆթի Ապտալլա Տըրիանի
«Շրջանի եւ Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ մենք խիստ կարիքը ունինք միւֆթի Տըրիանի նման բարեացակամ եւ ողջմիտ տարրերու», յայտարարեց փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ` նորընտիր միւֆթի Ապտալլա Տըրիանի տուած շնորհաւորական իր այցելութեան ընթացքին, Ժեմայէլ յայտնեց, որ արեւելքի պատրիարքները իրենց վեհաժողովին թիրախ ունէին ու կը հայցէին համայն արեւելքի անդորրութիւնն ու կայունութիւնը եւ ոչ թէ որոշ համայնքի մը պաշտպանութիւնը:
«Անոնք պաշտպանեցին եւ վերահաստատեցին արեւելքի առաքելութիւնը, դիրքն ու վարկը աշխարհի մէջ, ըսաւ Ժեմայէլ` նշելով, որ պատրիարքները մօտերս իրենց քայլերը պիտի շարունակեն համատարած ճիգերով, համարեայ բոլո՛ր կրօններու համայնքներուն մօտ:
Միւս կողմէ, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ժեմայէլ հերքեց, թէ այս առիթով արծարծուած է նաեւ նախագահութեան իր թեկնածութեան հարցը` ընդգծելով, որ «մեր շուրջը պատահածները կը վնասեն նաեւ արաբ անհատին ու իսլամին»` կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան:

