Թրքական Ժողովրդային Ճակատի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պաղեստինեան Այն Հելուէ Գաղթակայանը
Թրքական ժողովրդային ճակատի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ պաղեստինեան ազգային ապահովութեան պատասխանատու գնդ. Սուպհի Ապու Արապի հետ` ներկայութեամբ շրջանի այլ ղեկավարներու:
Այս առիթով թրքական պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ մը զետեղեց պաղեստինցի «նահատակներու դամբարան»-ի անծանօթ զինուորի յուշարձանին առջեւ` դատապարտելով պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ իսրայէլեան ջարդերը»: Պատուիրակութիւնը նաեւ հաստատեց «պաղեստինեան հարցին արդարացիութիւնը»: Իր կարգին, պաղեստինցի ղեկավար գնդ. Ապու Արապ ողջունեց թրքական պատուիրակութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով «պաղեստինեան դատին նկատմամբ թուրք ժողովուրդի ցուցաբերած զօրակցութեան»:
CATEGORIES Լիբանանեան

