Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ Պատրիարքին
Տեղական թէ շրջանային քրիստոնեայ մարմիններու հետ իր ձեռնարկած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ղալէպ Ապու Զէյնապի եւ Մուսթաֆա Հաժ Ալիի, երէկ այցելեց Իրաքի քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ պատրիարքին, նախքան վերջինիս Լիբանանէն մեկնումը:
Այս առիթով Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը դատապարտեց քրիստոնեաներու դէմ գործադրուող բռնարարքներն ու ճնշումները, որոնք խոտոր կը համեմատին իսլամական սկզբունքներուն»: Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի, յատկապէս` Իրաքի քրիստոնեաներուն:
Իր կարգին, Սաքօ պատրիարքը դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական բռնարարքները, Միացեալ Նահանգները, պատասխանատու նկատելով շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ծնունդին եւ տարածման:
Անդրադառնալով Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու Պքերքէի վեհաժողովին` Սաքօ պատրիարքը յայտնեց, որ ժողովականները ախտաճանաչում կատարեցին շրջանին մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին գծով: Ան անբաւարար նկատեց ցարդ առնուած քայլերը` պահանջելով սկսուած ճիգերը շարունակել եւ արդիւնաւորել նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ:

