«Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Երկու Հիմնական Խնդիրներն Են Հայկական Հարցն Ու Կիպրոսի Խնդիրը, Եւ Թուրքիա Այս Խնդիրներուն Մէջ Միշտ Պիտի Պաշտպանէ Իր Տեսակէտը» Ըսաւ Տաւութօղլու

0828_Erdogan-Davutoglu«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ վարչապետութեան թեկնածու Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան երկու հիմնական խնդիրներն են հայկական հարցն ու Կիպրոսի խնդիրը, եւ Թուրքիա այս խնդիրներուն մէջ միշտ պիտի պաշտպանէ իր տեսակէտը:

Չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտակարգ ժողովը, որուն ընթացքին կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին միակ թեկնածուին` Տաւութօղլուի ի նպաստ քուէարկեցին 1382 պատուիրակներ:

«Հիւրրիյէթ» կը նշէ, որ այդ ժողովին ընթացքին Տաւութօղլուի արտասանած խօսքը յագեցած եղած է պատմական եւ կրօնական խորհրդանշականութեամբ: Ան յիշատակած է Մոհամետ մարգարէն, սուլթան Մեհմեթ Բ. ֆաթիհը եւ հանրապետական Թուրքիոյ հիմնադիր Քեմալ Աթաթուրքը:

«Միլլիյէթ»  նոյն առիթով կը մէջբերէ Տաւութօղլուի արտասանած խօսքէն արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող կարեւոր կէտերը` Կիպրոսի խնդիրը եւ Հայկական հարցը: Ան նկատել տուած է, որ այդ քաղաքականութեան հիմնական դրոյթները երբեք չեն փոխուիր: Տաւութօղլու շեշտած է. «Թուրքիոյ համար մարտավարական նպատակ կը մնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը»:

Թուրքիոյ համար քաղաքական կարեւոր խնդիրներէն ան անդրադարձած է նաեւ քրտական հարցին եւ Կեզի հանրապարտէզի պայքարին: Տաւութօղլու ըսած է, որ քիւրտերուն հետ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը պիտի շարունակուի, իսկ Կեզի հանրապարտէզի զարգացումները ան դատապարտած է` ըսելով, որ անոնց նպատակն էր «տապալել կառավարութիւնը»:

Էրտողան իր կարգին արտասուալից աչքերով ըսած է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը` իր սէրը, իր կիրքը, իր պայքարը, կը ձգէ նախ Աստուծոյ, ապա` Տաւութօղլուին: Միաժամանակ ան նշած է, թէ կուսակցութիւնը ոչ թէ մէկ մարդու կուսակցութիւն է, այլ սկզբունքներու:

Share this Article
CATEGORIES