Հայաստանի Եւ Արցախի Պետական Գործիչները Կ՛արժեւորեն Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Որոշումը

Ղուլեան. «Արցախի Ժողովուրդը Շատ Բարձր
Կը Գնահատէ Աջակցութեան Եւ
Քաջալերման Այդ Բանաձեւը»

Աշոտ Ղուլեան

Աշոտ Ղուլեան

«Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 23-րդ տարեդարձի նախաշեմին Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը շատ կարեւոր գնահատական է Արցախի ժողովուրդին համար,  իր որդեգրած ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

«Անշուշտ, մեզի համար սպասելի էր, որովհետեւ Արցախին աջակցող բանաձեւերը պէտք է անպայման շարունակուէին: Եւ այն, որ կատարուած է անցեալ տարի, Քալիֆորնիոյ նահանգի խումբ մը խորհրդարանականներ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի խորհրդարանականներու այցելութիւնը Ղարաբաղ, անոնց հանդիպումները Արցախի իշխանութիւններուն հետ… Բնականաբար այս քայլերը հետեւողականօրէն մեզ կը տանին այն նոյն ճամբով, որ մենք տարիներ առաջ մեզի համար կարծես թէ ընդգծուած ձեւով դարձուցած  ենք ուղենիշ մը, որ Ղարաբաղը միջազգայնօրէն ճանաչելի պէտք է դարձնէ ամբողջ աշխարհին  համար: Արցախի մէջ այս օրերուն ժողովուրդը շատ բարձր կը գնահատէ աջակցութեան եւ քաջալերման այն բանաձեւը, որ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանականները ընդունած են ի նպաստ Արցախի», աւելցուցած է Ղուլեան:

«Ե՛ւ իմ, ե՛ւ Արցախի խորհրդարանին անունով կ՛ուզեմ մեր շնորհակալութիւնը փոխանցել Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք հաւատացած են այն վեհ ճամբուն, որ այս 23 տարուան ընթացքին Արցախի ժողովուրդը եւ անոր իշխանութիւնները կ՛անցնին, նաեւ իբրեւ օրինակ ունենալով աշխարհին յառաջատար ժողովրդավարական երկիրներու ունեցած փորձառութիւնը», նշեց Լեռնային Ղարաբաղի  Ազգային ժողովի նախագահը:

Բաբայեան. «Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին Կողմէ
Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութեան Ճանաչումը`
Մեծ Յաղթանակ»

Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան

Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը մեծ յաղթանակ կ՛որակէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը Քալիֆորնիոյ մէջ հասած է վերջնագիծին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը:

«Մինչ այդ անոնց օրէնսդիր միւս պալատը կը ճանչնար, այժմ ծերակոյտը կը  ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եւ փաստօրէն այս ձեւով Քալիֆորնիոյ մէջ ճանաչման հոլովոյթը յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին: Իսկ Քալիֆորնիան Միացեալ Նահանգներու հասարակ նահանգ չէ: Ե՛ւ իր տնտեսական ներուժով, ե՛ւ բնակչութեամբ ամէնէն մեծ նահանգներէն է եւ բացի անկէ, աշխարհի 7 մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող նահանգներուն մաս կը կազմէ: Կարելի է ըսել, որ Քալիֆորնիան առանձին պետութիւն է, որ գնահատեց ժողովուրդներուն  ինքնորոշման իրաւունքը, ազատութեան տենչն ու այն աշխատանքը, որ կը կատարուի Արցախի մէջ, եւ ճանչցաւ մեր անկախութիւնը», նշած է Դաւիթ Բաբայեան` աւելցնելով, որ անգամ մը եւս Արցախի մէջ պետականաշինութեան հոլովոյթը որ կ՛ընթանայ քաղաքակիրթ երկիրներու մօտեցումներուն եւ չափանիշներուն համահունչ, եղաւ արդիւնաւէտ:

«Սա կը փաստէ, որ մենք ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժինք եւ հետագային նոյնպէս պէտք է ունենանք յաջողութիւններ», ըսած է Դաւիթ Բաբայեան` ընդգծելով, որ Ստեփանակերտը ճանաչման ուղղութեամբ պիտի շարունակէ աշխատիլ եւ ամէն ինչ պիտի ընէ ընդլայնելու ճանաչման աշխարհագրութիւնը:

Շարմազանով. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ճանաչման Մասին Բանաձեւը Ղարաբաղի
Միջազգային Ճանաչման Սկիզբն Է.

Էդուարդ Շարմազանով

Էդուարդ Շարմազանով

Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին ընդունուած բանաձեւը յառաջընթաց է Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ճամբուն վրայ: Այս մասին «News.am»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին նշած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով:

Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունումը Միացեալ Նահանգներու ամէնէն ազդեցիկ նահանգներէն մէկուն կողմէ կը նշանակէ, որ միջազգային հանրութիւնը կը հասկնայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը տէ ֆաքթօ անկախ պետութիւն է եւ Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի:

«Կը շարունակուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի յաղթարշաւը, որ անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը տէ ֆաքթօ անկախ պետութիւն է», ըսած է Շարմազանով:

Ան նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին որոշումը օրինակ կը դառնայ ոչ միայն միւս նահանգներուն, այլեւ աշխարհի այլ երկիրներուն  համար:

Միրզոյեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Միջազգային
Ճանաչման Գործընթացը Պիտի Ունենայ
Տրամաբանական Շարունակութիւն»

Կարէն Միրզոյեան

Կարէն Միրզոյեան

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտին ընդունած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող բանաձեւին վրաբերեալ «Մետիամաքս» լրատու  գործակալութեան հարցումին ի պատասխան, թէ այս բանաձեւը ի՞նչ զարգացումներ պիտի յառաջացնէ  Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան նշած  է.

«Կ՛ողջունում Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտին կողմէ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազատ եւ անկախ պետութիւն կառուցելու շարունակական ջանքերուն համաձայնութիւն տուող եւ սատարող բանաձեւի ընդունումը:

«Բանաձեւը կու գայ փաստելու այն պարզ իրողութիւնըե որ այսօր քաղաքակիրթ հասարակութիւնը բարձր կը գնահատէ պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ Արցախի ունեցած ձեռքբերումները եւ աւելի ու աւելի կը յանգի այն համոզումին, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ անոր ժողովուրդը արժանի են դառնալու միջազգային հանրութեան լիարժէք անդամ:

«Բանաձեւի ընդունումը նաեւ յստակ ազդանշան է առ այն, որ Ազրպէյճանի փորձերը` խափանելու Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն ջանքերը` կերտելու ազատ եւ ժողովրդավարական պետականութիւն,  ապարդիւն են:

«Համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը պիտի ունենայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը` ապահովելով Արցախի ժողովուրդին իղձերու իրականացումը»:

Նալբանդեանի Յայտարարութիւնը Քալիֆորնիոյ
Ծերակոյտին Կողմէ Արցախի Անկախութեան
Ճանաչման Վերաբերեալ

Էդուարդ Նալբանդեան

Էդուարդ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց Քալիֆորնիոյ ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւին գծով. «Կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտի որոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ: Որքան Ազրպէյճան կը շարունակէ խոչընդոտել ղարաբաղեան հարցին լուծման ուղղուած Հայաստանի եւ եռանախագահներու ջանքերը,  այնքան կարելի է ակնկալել նման նորանոր որոշումներ եւ բանաձեւեր, որոնք ճամբայ  կը հարթեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում»:

 

Share this Article
CATEGORIES