Կիրօ Մանոյեան. «Նալբանդեանի Անգարա Այցելութիւնը Ողջունելի Չէ»

0828_Fotor0828141635Թուրքիոյ նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի մասնակցութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան չ՛ողջուներ:   Պատասխանելով ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի լրագրողի հարցումին Մանոյեան ըսաւ. «Նկատի առնելով հանդերձ մեր շրջանին մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները, որոնք կը ստեղծեն նոր իրավիճակներ, եւ որոնք կարելի չէ  անտեսել, այդուհանդերձ նախարար Նալբանդեանի մասնակցութիւնը Էրտողանի երդման արարողութեան կարելի չէ ողջունել, ոչ միայն ընտրապայքարի ժամանակ Էրտողանի կատարած հակահայ յայտարարութեան պատճառով, այլ յատկապէս եթէ այդ մասնակցութիւնը նպատակ կը հետապնդէ վերակենդանացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները: Էրտողան ե՛ւ իբրեւ մարդ, ե՛ւ իբրեւ Թուրքիոյ վարչապետ, ե՛ւ իբրեւ Թուրքիոյ  նախագահի թեկնածու ցոյց տուած է Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ իր անկեղծ զգացումներն ու մտածումները, որոնք ոչ մէկ ձեւով արժանի կը դարձնեն անոր երդման արարողութեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին  մասնակցութիւնը:  Դաշնակցութիւնը բազմիցս կրկնած է, որ Հայաստան պէտք է իր ստորագրութիւնը ետ քաշէ այդ արձանագրութիւններէն: Փոխարէնը` մեր իշխանութիւնները կը փորձեն վերակենդանացնել զանոնք, հակառակ Թուրքիոյ թշնամական կեցուածքին»:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES