Էթու Լքեց Միջազգային Ասպարէզը

0828_etooՔամերունցի կոլսքորըր Սամուէլ Էթու իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ վերջ կը դնէ ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզին:

33 տարեկան Էթու, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին միացաւ Էվըրթընի, Քամերունի հետ միջազգային իր առաջին մրցումը կատարեց 1997-ին, երբ 15 տարեկան էր: Ան միջազգային 118 մրցումի ընթացքին նշանակած է 56 կոլ:

Չորս անգամ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն խաղացողը ընտրուած Էթու իր մասնակցութիւնը բերած է չորս Մոնտիալներու, երկու անգամ տիրացած է Ափրիկէի բաժակի մրցաշարքի (2000 եւ 2002) իսկ 2000-ին իր խումբին հետ հանդիսացած է ողիմպիական ախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES