Կիրու Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին մաս կազմող վիրաւոր Օլիվիէ Կիրու մինչեւ տարեվերջ պիտի բացակայի խումբէն:
Սակայն հակառակ այս իրողութեան, Վենկեր պիտի չաճապարէ իր կազմը օժտելու նոր յառաջապահով մը, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ խումբին յարձակողական գիծը բաւական լաւ է եւ արդիւնաւէտ:
27 տարեկան Կիրու, որ նախորդ տարեշրջանին լոնտոնեան կազմին հետ նշանակեց 22 կոլ, երէկ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան: Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումին (2-2):
CATEGORIES Մարզական

