Պայէրն Միւնիխ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Զապի Ալոնսոն

0828_alonsoԳերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ իր կազմին միացնելու Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Զապի Ալոնսոն, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

32 տարեկան Ալոնսօ, որ քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ կը լքէ միջազգային ասպարէզը, Պայէրն Միւնիխի կողմէ կը նկատուի վիրաւոր Խաւի Մարթինեսը փոխարինող լաւագոյն մարզիկը:

Պայէրն Միւնիխի պատասխանատուները առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու նշեցին, որ սպանացի Ալոնսօ շուտով պիտի միանայ Գերմանիոյ ախոյեանին:

Share this Article
CATEGORIES